The Armenian Architects at the Service of the Ottoman Empire
Loading...
Date
1994
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Որպէս երկրորդ մասը ընդարձակ ուսումնասիրութեան մը, որ կը կրէ «Պատմական Հայաստան-Մշակոյթներու Երկախօսութիւն Մը» ընդհանուր վերնագիրը՝ յօդուածը ուսումնասիրութեան նիւթ կը դարձնէ նախ իսլամ-սելճուքեան եւ ապա իսլամ-օսմանեան ճարտարապետութիւնները, որոնք եղան միախառնումը հայկականին հետ: Ըստ հեղինակին՝ այս միախառնումէն էր որ յառաջացաւ այն զոր այժմ պատմութիւնը կը ճանչնայ որպէս օսմանեան ճարտարապետութիւն: Իրականութեան մէջ՝ մեծ են հանգիտութիւնները իսլամ-սելճուքեան եւ իսլամ-օսմանեան ճարտարապետութեան մէկ կողմէ եւ հայկականին՝ միւս կողմէ՝ ո՛չ միայն լո՛կ որպէս արտաքին երեւոյթ՝ այլ նաեւ որպէս ներքին տեսք եւ յատակագծային դրսեւորում:
Ցոյց տալու համար առկայ հանգիտութիւններն ու նմանութիւնները՝ Ա. Հալաճեան կը ներկայացնէ նախ Մեծն Սինանն ու անոր գործը, եւ ապա՝ Պալեան գերդաստանը իր գործով եւ յետագայ դարերուն վրայ ձգած ազդեցութեամբ, եւ մանաւանդ՝ օսմանեան ճարտարապետութեան ուղղութեան, գործընթացին եւ զարգացումին տուած ուղղութեամբ:
Ուսումնասիրութեան աւարտին Ա. Հալաճեան կ'եզրակացնէ թէ հայ շինարարներն ու ճարտարապետները դարերով եղան ու մնացին ճարտար ու հմուտ ներկայացուցիչներն իրենց ասպարէզին, թէ սելճուքեան շրջանին տիրողներուն համար անոնց կառուցածները մեծ յարանմանութիւններ ունին հայկական հին ճարտարապետական կոթողներուն հետ, թէ օսմանեան շրջանին անոնք շարունակեցին աւանդութիւնը եւ կառուցին գլուխ գործոցներ մայրաքաղաքին մէջ թէ գաւառին, թէ ճարտարապետ Սինանն ու Պալեանները արեւմտականացուցին ու եւրոպականացուցին օսմանեան ճարտարապետութիւնը մայրաքաղաքին մէջ, սակայն գաւառներէն ներս անիկա մնաց պահպանողական եւ օգտագործեց լոկ աւանդները տեղական եւ հայկական ճարտարապետութեան, եւ ա՛յս էր պատճառը որ օսմանեան ճարտարապետութիւնն արձանագրեց զարգացումի երկու ուղի. արեւմտեան-պարոք եւ արեւելեան-հայկական, առաջինով ուղղուելով դէպի արդիականացում, եւ երկրորդով՝ դէպի հայկականութիւն:
Description
Keywords
Citation
Haladjian, A., "The Armenian Architects at the Service of the Ottoman Empire", Haigazian Armenological Review, 1994, Beirut, pp. 353-368