The Coalescence of the Roles of Party and State in the Enactment of the Armenian Genocide

dc.contributor.authorVahakn N. Dadrian
dc.date.accessioned2025-08-13T06:17:07Z
dc.date.available2025-08-13T06:17:07Z
dc.date.issued1995
dc.description.abstractՀաստատելէ ետք թէ երբ երկիրէ մը ներս կուսակցութիւն մը կը տիրանայ այդքա՜ն ուժի որ մրցակցաբար կը գերազանցէ իշխանութեան ունեցածը եւ առ այդ ծնունդ կու տայ կամայականութեան եւ բռնատիրութեան՝ Տատրեան կ'եզրակացնէ, թե Հայկական Ցեղասպանութիւնը արդիւնքն էր այսպիսի ուժի մը եւ անկէ յառաջացած կամայականութեան: Գործադրել կարենալու համար Հայկական Ցեղասպանու-թիւնը՝ յօդուածին հեղինակը կը գտնէ, որ.— Համիտեան իշխանութեան եւ վարչակարգին տապալումէն ետք 1908ին՝ Երիտասարդ-Թուրք Կուսակցութիւնը պահեց իշխանութիւնն իր ձեռքերուն մէջ, սակայն չորս տարին բաւ եղաւ որ կորսնցնէր զայն 1912-1913-ի Պալքանեան Պատերազմին պատճառով։ Այս շրջանին իթթիհատականները կա՛մ անպատրաստ էին եւ անփորձ, կամ ալ անկարող՝ վարելու համար իշխանութիւնը ու ի գործ դնելու իրենց գաղտնի ծրագիրները հայ-թրքական յարաբերութիւններու գծով։ Պալքանեան Երկրորդ պատերազմէն ետք՝ յաղթական թրքութիւնը ձեռք առաւ կազմակերպումը ամէն ինչի: Այժմ որպէս տէրը կացութեան՝ իթթիհատականները նախ թրքացուցին կուսակցութիւնը ցեղամոլ թրքականութեան եւ թուրանականութեան ո՛չ միայն գաղափարաբանութեամբ՝ այլ մանաւանդ ղեկավարութեամբ. Ապա տիրացան պետական հիմնական նախարարութիւններուն եւ պաշտօններուն՝ լուծարքի ենթարկելով մնացեալները եւ յետոյ, որպէս անվստահելի, լուծարքի ենթարկուեցան մեծ ու փոքր 1100 սպաներ եւ փոխարինուեցան երիտասարդ–թուրք նորելուկներով: Նոր չէր թրքացումի ու իթթիհատականացումի սա շարժումը կայսրութենէն ներս։ 1910–ի Երիտասարդ-Թուրք Կուսակցութեան հերթական համագումարին, որուն մասնակցեր էին լո՛կ կատաղի մեծամեծները կուսակցութեան, այսինքն՝ Թալէաթը, բժիշկներ Նազըմը եւ Պեհաէտտին Շաքիրը, Կուսակցութեան Կեդրոնական Մարմինը եւ ապահովութեան պատասխանատու Ճանպոլաթն ու Պետրին՝ Թալէաթն արդէն սեղան էր բերեր իր ծրագիրը Կայսրութեան թրքացումին, եւ առ այդ` ջարդերուն, որովհետեւ հայկակական ինքնավարութիւն մը որպես հետեւանք Հայկական Բարենորոգումներու՝ պիտի նշանակէր ծնունդը հայկական պետութեան մը եւ կորուստը թրքական հողերուն: Իսկ Պալքանեան Պատերազմէն ետք Հայկական Բարենորոգումներու հարցը իր գագաթնակէտին հասցուց թուրքին հակահայ գրգռութիւնը 8 Փետրուար 1914-ի ստորագրութեամբը բարենորոգումներու պարտադրուած ծրագիրի մը։ Հայկական Տասնհինգի իրագործումին համար անհրաժեշտ ուժը կազմակերպուեցաւ 1913-էն ետք եւ ստացաւ Թեչքիլաթը Մախսուսէ (Մասնաւոր Կազմակերպութիւն) անունը: Անիկա ուղղակի ենթակայ մնաց ներքին եւ զինուորական զոյգ նախարարութիւններուն եւ Կուսակցութեան Կեդրոնական Մարմինի հրահանգներուն: Կազմակերպութեան գլուխը կեցաւ Պեհաէտտին Շաքիրը իրեն կապուած ու ենթակայ խումբով մը Կուսակցութեան գաղափարաբանութեան հետ նոյնացած երիտասարդ սպաներու . այս կազմակերպութիւնն ունէր խիստ կերպով կեդրոնացած դրութիւն մը, ուր կային քննիչներ (միւֆեթթիշ), պատուիրակներ (մուրահհաս) եւ պատասխանատու քարտուղարներ (քիաթիպի մեսուլ)՝ բոլո՛րն ալ ենթակայ Շաքիրին եւ անոր միջոցով՝ Թալէաթին ու Էնվերին: Այս բոլորը ո՛չ միայն գերիվեր էին քաղաքային իշխանութիւններէն՝ այլ մանաւանդ ունէին պարտականութիւնը իրենց վստահուած առաքելութեան իրագործումին: Առ այդ՝ անոնք իրենց հրահանգները կը ստանային լոկ ներքին եւ զինուորական նախարարութիւններէն (նախարարներէն) եւ Մասնաւոր Կազմակերպութեան պատասխանատուէն: «Կարճ կերպով ասած»՝ եզրակացուց Տատրեանն իր վերլուծումի աւարտին, «ասունք էին այն պայմաններն ու գործընթացը՝ որոնց միջոցով նոյնացան Իթթիհատական Կուսակցութիւնը եւ մարմինները Օսմանեան Պետութեան՝ կռանելու համար քանդումի մամոթային այն մեքենան, որուն ճանկերուն մէջ մեծաւ մասամբ բնաջնջուեցաւ Թուրքիոյ հայութիւնը»։
dc.identifier.citationDadrian, V. N., "The Coalescence of the Roles of Party and State in the Enactment of the Armenian Genocide", Haigazian Armenological Review, 1994, Beirut, pp. 49-55
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/731
dc.titleThe Coalescence of the Roles of Party and State in the Enactment of the Armenian Genocide
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Vahakn N. Dadrian, The Coalescence of the Roles of Party and State in the Enactment of the Armenian Genocide.pdf
Size:
2.22 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections