A Brief History of the Armenian Missionary Association of America, 1918-1995
Loading...
Date
1996
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Թէպէտեւ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան սաղմնաւորումին արմատները կը հասնին մինչեւ տասնիններորդ դար՝ իրականութեան մէջ անիկա գոյութեան կոչուեցաւ միայն աւարտէն ետք Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին, մանաւանդ՝ 1922էն, երբ յաղթական պետութիւնները մէկ առ մէկ թուրքին զիջեցան հայկական շրջանները, եւ առ այդ` վտարանդի հայութիւնը ցրուեցաւ քիչ մը ամէն կողմ։
Հայ Աւետարանական Եկեղեցիներու առաջին միաւորումին կարելի է հանդիպիլ Միացեալ Նահանգներու արեւելեան ափին վրայ. ուր, 1907ին, զանազան եկեղեցիներու ներկայացուցիչներ եկան քով քովի եւ կազմեցին յանձնախումբ մը, որ, սակայն, հազիւ թէ եղաւ ցոյց տալու պէս կեանք ու կենսունակութիւն: Յետագայ տարեկան հանդիպումները յանձնախումբին եկան վկայելու ճշմարտութիւնն այս հաստատումին, ահա թէ ինչո՞ւ համար 1918ի Ուորչեսթըրի մէջ կայացող տարեկան հանդիպումին՝ կարգ մը ներկայացուցիչներ 1 Յունիսին հիմը դրին Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան, որուն ծրագիր–կանոնագիրն իր վերջնական ձեւն ստացաւ 1921ին: Յաջորդ մէկուկէս տասնամեակը տեսաւ հիմնաւորումն ու զարգացումը Ընկերակցութեան, թէպէտեւ դանդաղ։ Այս շրջանին Ընկերակցութեան որպէս վարիչ–քարտուղար ծառայեցին Վերապատուելիներ Թ. Գալայճեանը, Ա.Ա. Պետիկեանը, Մ.Հ. Փափազեանը եւ Ե. Հատիտեանը ոչ-մնայունի հանգամանքով։ Միայն 20 Սեպտեմբեր 1946ին էր որ վարիչ–քարտուղարի մնայուն դրութիւնը հաստատուեցաւ պաշտօնի կոչուելովը Վեր. Բիւզանդ Գալֆայեանին, որ ո՛չ միայն իր վարելիք պաշտօնին համար լաւապէս պատրաստուած մարդն էր այլ մանաւանդ տեսիլք ունեցող ել զայն հետապնդելու պատրաստ անհատ մը։ Ահա թէ ինչպէ՞ս կարճ ժամանակի մը տեւողութեան անիկա կարողացաւ կրկնապատկել եկամուտները Ընկերակցութեան եւ իրագործել նախապէս անհասանելի նկատուող գործեր։ Յաջողութեամբ աւարտելէ ետք Հայ Աւետարանականութեան հիմնադրութեան հարիւրամեակի հիմնադրամին աշխատանքները իր գործակիցներուն հետ անիկա ձեոնարկեց հիմնադրութեանը Հայկազեան Գոլէճին, որուն զոհ պիտի երթար նախապէս Պէյրութի մէջ հաստատուած փոքր Ուսուցչանոցը:
Գալֆայեան հիմը դրաւ Մանուկներու Դաստիարակութեան թիկունք կանգնող ծրագիրի մը նաեւ, իսկ 1959ին ալ մէկ միլիոն տոլար հիմնադրամի հանգանակութեան մը։ Սակայն իր շուտափոյթ մահը անակնկալի մը առջեւ դրաւ ո՛չ միայն իր գործակիցներն ու շրջապատը` այլեւ իրագործելի բազմաթիւ ծրագիրներ։
Նոյն տարին իսկ, եւ անմիջապէս՝ Գալֆայեանին տեղը գրաւելու կոչուեցաւ Վեր. Թովմասեանը, որ, սակայն, Պոլսոյ մէջ հաստատելէ ետք Երիտասարդական Տունը Թուրքիոյ ներքին գաւառներէն եկող հայ տղոց եւ պատանիներու համար եւ պայծառացնելէ եւ ծաղկեցնելէ ետք գոյութիւնն ու պատկերը Ընկերակցութեան՝ 1966ին հրաժարեցաւ իր պաշտօնէն եւ վերադարձաւ Տիթրոյթ՝ եկեղեցական իր նախկին պաշտօնին: Զինք փոխարինողի մը փնտռտուքի շրջանին՝ Ընկերակցութեան գործերը վարեց Սթիվըն Մարտիկեանը, որուն 1 Յունուար 1969ին որպէս վարիչ–քարտուղար յաջորդեց Վեր. Կիրակոս Չոփուրեանը, որ պաշտօնի վրայ պիտի մնար տասնինն տարի՝ մինչեւ որ 1987ի Օգոստոսին հանգստեան կոչուէր: Հետաքրքրական է, որ երբ Չոփուրեան ձեռնարկեց պաշտօնի Ընկերակցութեան գանձն ունէր երկու միլիոն տոլար եւ տարեկան 160,245 տոլար ամավարկ, իսկ իր պաշտօնի աւարտին՝ գանձէն ներս կար 25,538,088 տոլար, տարեկան 1.753,606 տոլար ամավարկով մը։
Չոփուրեանի պաշտօնավարութեան ընթացքին էր որ կատարուեցան կարգ մը հիմնական իրագործումներ, այսպէս՝ Հայկազեան Գոլէճին համար գնուեցաւ այժմ ծանօթ Մուկար շէնքը, վերանորոգուեցան կամ նոր ի նորոյ կառուցուեցան շէնքերը եօթը վարժարաններու, հաստատուեցաւ Հանգստեան Թոշակի Հիմնադրամը Աւետարանական Եկեղեցիի Միացեալ Նահանգներու եւ Միջին Արեւելքի պատուելիներուն համար, ծրագրուեցաւ եւ գործի դրեցաւ Հայ Աւետարանական Ընկերային Ծառայութեան կեդրոն մը Լոս Անճելըսի մէջ, զարգացաւ կրթանպաստներու դրութիւն մը Ամերիկեան Գոլէճներու մակարդակով, հաստատուեցաւ Մերտինեան նախակրթարանը, եւ կազմակերպուեցաւ Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Համագումարը, որմէ շուտով ծնունդ պիտի առնէր Հայ Աւետարանական Համաշխարհային Խորհուրդը, եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ օժանդակութիւն տրուեցաւ որ 1984ին կազմակերպուի` Գանատայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը։
Չոփուրեանի պաշտօնավարութեան վերջին եօթը տարիներուն, 1980էն սկսեալ, անոր գործակից դարձաւ Վեր. Մովսէս Ճանպազեանը, որ բերաւ իր օժանդակութիւնը Ընկերակցութեան աճին ու զարգացումին։ Իրաւ ալ՝ փոքր ակնարկ մը անոր վերջին յիսնամեակին վրայ նետուած՝ պիտի ցոյց տայ հսկայ այն փոփոխութիւնը որ եղաւ անորը տնտեսապէս. այսպէս՝
ՏԱՐԻ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄ ՏՈԼԱՐ ԱՄԱՎԱՐԿ ՏՈԼԱՐ
1946-1960 755,000 108,200
1960-1969 2,200,000 211,000
1969-1987 26,549,686 1,753,606
1987-1996 48,925,330
5,411,263
Իսկ գործնապէս եւ գործօնութեա՞մբ: Սակայն Ընկերակցութեան գործունէութիւնն ընդգրկեց
ա. Ուսումնական դաշտը (կառուցում եւ նորոգում դպրոցներու, կրթանպաստ, Հայկազեան Համալսարանական Գոլէճի հիմնադրամ, նպաստ հայ աւետարանական վարժարաններու),
բ. Մարդկայնական ծառայութիններ (խնամատարական օգնութիւն հիւանդներու, ծերերու խեղանդամներու, նիւթական օժանդակութիւն պաշտօնէ դադրած պատուելիներու, քարոզիչներու եւ ուսուցիչներու, նիւթական նպաստ Հայ Աւետարանական Միութիւններուն, եւ օժանդակութիւններ տարապայման կացութիւններու պարագային),
գ. Եկեղեցական դաշտը (օժանդակութիւն եկեղեցիներու հաստատումին եւ կառուցումին, նիւթական փոխատուութիւն աւետարանական եկեղեցիներու, եւ դրամական օգնութիւն աւետարանչական գործունէութեան օժանդակութիւն կիրակնօրեայ դպրոցներու եւ պաշտամունքներու կատարումին, աւետարանական հրատարակութիւններու, եւ այսօր ալ Հայաստանի քրիստոնէացումին),
Փոքր մէկ վերլուծումը բոլոր այս տուեալներուն` ցոյց կու տայ, որ Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութիւնը հաւատարիմ մնաց առջի իր սկզբունքներուն։ Իրագործելու համար ծառայութիւնը աւետարանական եկեղեցիներուն եւ առ այդ՝ քաջալերելու համար անոնց կրօնական, կրթական, գրական եւ բարեսիրական գործը, Հայաստանէն ներս թէ դուրս, Աւետարանչականը ծառայեց որպէս միջոց եւ ունեցաւ գործօն մասնակցութիւնը վարիչ–քարտուղարներու սքանչելի շարքի մը, եւ մանաւանդ անխախտ գործունէութիւնն ու նիւթական օժանդակութիւնը զանազան իր վարչութիւններուն, խորհուրդներուն, եւ տնտեսական, կրթական, կրօնական թէ այլ ձեւի մարմիններուն, եւ հասաւ իր այսօրին։ Ասկէ ե՞տք։ Սակայն, ինչպէս կը դնէ Ամերիկայի Հայ Աւետարանչական Ընկերակցութեան այժմու նախագահ Ալպըրթ Մոմճեանը՝ «ԱՀԱԸ ունեցաւ յաղթապանծ անցեալ մը։ Կը հաւատամ, որ անիկա կրնայ ունենալ սքանչելի ապագայ մը։ Սակայն երբեք պիտի չըլլայ սքանչելի՛ եթէ մենք մեզ վերստին չնուիրենք այն մարտահրաւէրներուն որոնք կը գտնուին մեզմէ անդին, եւ եթէ չընդգրկենք նոր գաղափարներ, ծրագիրներ եւ միջոցառումներ պատասխանելու համար եզակի մարտահրաւէրներուն ա՛յն ընկերութեան որմէ ներս կ'ապրինք այսօր, եւ չդիմագրաւենք նոր մարտահրաւէրներ, որոնք պիտի զարգանան շաբաթէ շաբաթ, ամիսէ ամիս եւ տարիէ տարի յաջորդ 75 տարիներու ընթացքին»։
Description
Keywords
Citation
Chopourian, H., G., "A Brief History of the Armenian Missionary Association of America, 1918-1995", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, 155-172