Cultural Diversity and Belonging: Negotiating Identities in the Armenian Community of Berlin
Loading...
Date
2009
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածը կը քննարկէ պերլինահայ համայնքի «Հայ Տուն» համայնքային կեդրոնին մէջ առաջին անգամ իրար հանդիպող հայերու հաղորդակցութիւնը եւ թէ ինչպէս առաջին իսկ այդ խօսակցութեամբ կը սկսին հայկական ինքնութիւններ գոյացուիլ ու դրսեւորուիլ զրուցակիցներուն միջեւ:
Առաջին իսկ ուղղուող հարցումը կ'ըլլայ «ուրկէ ես»ը, որուն պատասխանը հայկական որոշ ինքնութեան մը հասկացութիւնը կը յառաջացնէ, նկատի ունենալով անձին ծննդավայրին մէջ հայկական ինքնութեան բնոյթն ու խորքը: Ապա հարցում-պատասխանները կը ծաւալին ու տակաւ կը կազմուին տուեալ ինքնութեան առնչուող այլեւայլ համոզումներ, հասկացութիւններ:
Հեղինակը կը հաւաստէ որ այս հարց-պատասխանները կը դրսեւորեն հաղորդակցութեան իւրայատուկ միջոց մը, որով անձերը իրենք զիրենք կը տեղաւորեն եւ կը տեղաւորուին համայնքի ընդհանուր խճանկարին մէջ: Ապա կը յառաջանան խօսակցութիւններ հայկական ինքնութեան սահմանումներուն, Սփիւռք հասկացութեան, հայրենիք ըմբռնումին եւ հոն վերադառնալու հարցերուն շուրջ, ուր արեւմտահայ-սփիւռքահայը եւ հայաստանցի-սփիւռքահայը հակառակ առկայ տարբերութիւններու կ'եզրակացնեն թէ ի վերջոյ բոլորն ալ եկած են մէկ տեղէ՝ Հայաստանէն՝ ժամանակային տարբերութիւն ունեցող ուղիով մը, եւ թէ իրենք կը դառնան ծայրամասերը Հայաստան կեդրոնին:
Description
Keywords
Citation
Harutyunyan, A. "Cultural Diversity and Belonging: Negotiating Identities in the Armenian Community of Berlin", "Haigazian Armenological Review", 2009, Beirut, pp. 271-286