The Imperial War Museum and the Armenian Genocide

Loading...
Thumbnail Image
Date
2016
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը տեղեկութիւններ կու տայ 2000 թուականին Միացեալ Թագաւորութեան մայրաքաղաք Լոնտոնի Կայսերական Պատերազմական Թանգարանին մէջ ցուցադրուած նիւթերու մասին, որոնք կ'առնչուէին ցեղասպանութեան։ Ըստ անուանի լրագրող Րապըրթ Ֆիսքի, Թուրքիա յաջողած էր այդ նիւթերը վերացնել եւ նոյնիսկ զանոնք փոխարինել թրքական ժխտողականութեան տուեալներով: Հեղինակը Լոնտոն այցին Հայոց Ցեղասպանութեան ճանաչման համար պայքարող հայկական յանձնախումբէն կը տեղեկանայ, թէ Օգոստոս 2002ին նոր ցուցահանդէս մը պիտի կազմակերպուի ցեղասպանութեան եւ էթնիք բռնութիւններու մասին։ Ան Պէյրութ վերադարձին հիմնաւորեալ նամակ մը կը յղէ գլխաւոր պատասխանատուին, որմէ պատասխան նամակ մը կը ստանայ, թէ Հայոց Ցեղասպանութեան եւս տեղ պիտի տրուի։ Ի վերջոյ ցուցահանդէսին մէջ հայկական եղեռնին կ'անդրադարձուի առանց Ցեղասպանութիւն բառը օգտագործելու։
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "The Imperial War Museum and the Armenian Genocide", "Haigazian Armenological Review", 2016, Beirut, pp. 573-580
DOI
Collections