A Contrastive Study of the Noun Declension in Avestan and Ancient Armenian Languages

Abstract
Հնդեւրոպական լեզուներուն մէջ գոյական անունը կը թեքի, կը հոլովուի ըստ իր շարահիւսական պաշտօնին, թիւին՝ եզակի, երկակի կամ յոգնակի, եւ ըստ սեռին՝ արական, իգական կամ չէզոք: Կը թուի թէ հնդեւրոպական լեզուներու գոյական անունը ունէր քերականական ութ հոլովներ: Այսօր հնդեւրոպական լեզուները տարբեր չափերով պահպանած են սկզբնական այդ ութ հոլովները: Հոլովակերտման այս գործընթացին մէջ, հնդեւրոպական կարգ մը լեզուներ կցական են՝ գոյական-անունին սկիզբին կամ վերջաւորութեան կ'աւելցուին յօդեր, կապեր: Հնդեւրոպական այլ լեզուներ, ինչպէս գրաբարն ու հին պարսկերէնը թեքական են, որով հոլովակերտումը տեղի կ'ունենայ բառի ներքին թեքումով: Ասիկա այդ լեզուներուն կարեւորագոյն յատկանիշերէն է: Ընդհանուր այս մեկնակէտէն ելլելով հեղինակները կը բաղդատեն գրարաբի եւ հին պարսկերէնի՝ Աւեստայի լեզուի գոյականի շարահիւսական պաշտօններուն եւ հոլովակերտման երեւոյթներուն միջեւ: Ասոնք կը մատնանշեն որ գոյականի թիւն ու սեռը, ինչպէս նաեւ վերջաւորութիւնը պատճառ կը դառնան տարբեր հոլովակերտումներու: Հուսկ, անոնք կ'եզրակացնեն որ հին պարսկերէնի մէջ երեք համակարգեր կ'ազդէին թեքումին վրայ.- գոյական անուան թիւը՝ եզակի, երկակի կամ յոգնակի, սեռի ըմբռնումը՝ արական, իգական, կամ չէզոք, եւ հոլովակերտման ութ տարբերակ: Ի տարբերութիւն հին պարսկերէնի, գրաբարը չունէր թիւի երկակիութիւնը, չունէր նաեւ սեռի ըմբռնումը, իսկ հոլովակերտման համակարգին մէջ չունէր կոչականը: Միւս կողմէն, հեղինակները կը նշեն որ հին պարսկերէնի եւ գրաբարի հոլովակերտումը առնչուած էր գոյական անուան, ու կ'աւելցնեն սակայն, որ գրաբարի պարագային թեքումի կողքին գոյականին սկիզբը աւելցող յօդեր եւս հոլովակերտման դեր կը խաղային: Հեղինակները, սակայն, չեն տեսներ այս երկու լեզուներու գոյականի վերջաւորութեանց թեքումներուն միջեւ նմանութիւններ, հակառակ անոր որ պարսկերէն իգական եւ երկակի համակարգերը կապուած են սեռականի թեքական վերջաւորութեան եւ գրեթէ հաւասար ու նոյնն են՝ գրաբարին համեմատ:
Description
Keywords
Citation
Mohammad M., M., Jafarzade, M., "A Contrastive Study of the Noun Declension in Avestan and Ancient Armenian Languages", "Haigazian Armenological Review", 2010, Beirut, pp. 43-52
DOI
Collections