Once Upon A Time in Dersim: Out of Armenia, Back to Kurdistan?
Loading...
Date
2019
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հայոց Ցեղասպանութենէն 100 տարի ետք, արեւմտահայ «վերացարկուած» գիւղեր եւ քաղաքներ կը վերափոխուին: Վերապրողին յիշողութեան մէջ ծննդավայրը անփոփոխ մնացած է եւ այդպէս փոխանցուած սերունդներուն: Այսօր, վերապրողներու յետնորդ սերունդներ յաճախ տենչանքը կը զգան պատկանելու գիւղի մը զոր երբեք չեն տեսած:՞
Ես ասոնցմէ եմ: Միայն փշրանքներ լսած ըլլալով մեծհօրմէս՝ մանկութեան իր գիւղին՝ Բերրիի մասին, ինծի կը մնար մնացեալը յայտնաբերել: 2015ին կրցայ մեկնիլ Տերսիմի մայրաքաղաքը՝ Թիւնչելի, ուր զազայի մը հանդիպեցայ որ մեր վարորդն ու առաջնորդը եղաւ յաջորդ երեք օրերուն: Ճամբան հանդիպեցանք Միհրանին՝ նախկին «թաքուն հայ»ուն, որ վերջերս քրիստոնէութիւն եւ հայ ինքնութիւն ընդուներ էր: Ճամբորդեցինք Բերրի, խօսեցանք մարդոց հետ եւ գտայ մեծհօրս տունը: Այդպէսով երեւակայածս տունը շօշափելիացաւ: Խօսեցայ, խնդացի Քայային հետ, որ յայտնեց թէ մեր խմած գինին մեծհօրս այգիէն էր:
Այս յօդուածը այդ ճամբորդութեան պատումն է. խօսակցութիւններ ունեցանք մեր չծնած ժամանակներու եւ յիշողութիւններու մասին, վայրի մը մասին, զոր երկուքս ալ ՏՈՒՆ կը կոչենք: Միասին նոր իրականութիւն մը յառաջացուցինք:
Description
Keywords
Citation
Antaramian, C., "Once Upon A Time in Dersim: Out of Armenia, Back to Kurdistan?", "Haigazian Armenological Review", 2019, Beirut, pp. 739-750