The Socioeconomic Life of Musa Dagh Armenian Migrants in the Middle East during the 1920s-1930s
Loading...
Date
2010
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը հիմնուելով բանաւոր տուեալներու վրայ կը գծէ մուսալեռցի պանդուխտներու աշխարհագրական քարտէսն ու կը վերականգնէ անոնց ընկերային-տնտեսական վիճակը Միջին Արեւելքի մէջ: Շեմմասեան կը բացայայտէ այն պարագաներն ու պայմանները որոնք պանդխտութիւն պարտադրեր էին մուսալեռցիներուն:
Յօդուածը կարելի մանրամասնութեամբ կը ներկայացնէ 1920-30ականներուն մուսալեռցի պանդուխտներու հաստատուած վայրերը՝ Ալեքսանտրէթի Սանճաքէն ու Սուրիոյ միւս քաղաքներէն մինչեւ Պէյրութ եւ Եգիպտոս: Միաժամանակ ան կը նկարագրէ անոնց աշխատանքային վիճակը: Հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ պանդուխտներուն ընկերային կեանքը՝ նոր միջավայրին մէջ եւ թէ ինչ բնոյթի կապերով անոնք կապուած կը մնային իրենց պապենական բնակավայր՝ Մուսա Լեռան: Յօդուածը կը խօսի նաեւ նոր միջավայրին մէջ պանդուխտ մուսալեռցիներու ազգային-հայրենակցական գործունէութեան, ինչպէս նաեւ տեղի հայ համայնքին հետ անոնց հաստատած շփումներուն մասին:
Ընդհանուր այս հենքին վրայ, յօդուածագիրը առանձին հատուածներով կը ներկայացնէ նաեւ այս պանդուխտներուն համարկումը նոր միջավայրին, անոնցմէ ոմանց տնտեսական ձեռնհասութիւնը եւ տեղաշարժերը: Տեղաշարժերու այս ընթացքին մէջ, հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ մուսալեռցիներու Այնճար հաստատումին, անոնց մէկ մասին ներգաղթին եւ արտագաղթին, ինչպէս նաեւ այնճարցիներու մէկ մասի ցրուումին՝ Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի տարիներուն:
Description
Keywords
Citation
Shemmassian, V., L., "The Socioeconomic Life of Musa Dagh Armenian Migrants in the Middle East during the 1920s-1930s", "Haigazian Armenological Review", 2010, Beirut, pp. 205-230