The Dissolution of the Armenian Question and the Crisis of the League of Nations

dc.contributor.authorPétér Pál Kránitz
dc.date.accessioned2026-06-08T08:01:29Z
dc.date.available2026-06-08T08:01:29Z
dc.date.issued2019
dc.description.abstractՀայկական Հարցը՝ Հայաստանի պետականութեան ու իշխանութեան մասին գաղութատիրական տրամախօսութիւն իբրեւ, ինքզինք դրսեւորեց հակադիր երկու պատումներով: Ասոնք կ'արտացոլացնէին ԺԹ. դարավերջ-Ի. դարասկիզբի համաշխարհային իշխանութեան երկու ուխտերը: Համաձայնական երկիրները կը համարէին թէ քրիստոնեայ հայ ցեղը գերակայ էր իսլամ եւ «բարբարոս թուրքերէն», քանի որ կը դաւանէր բարձր (արեւմտեան) քաղաքակակրթական արժէքներ: Առանցքի երկիրները - միւս կողմէն - հայերը կը նկատէին ապարդիւն եւ տհաճ ժողովուրդ մը՝ «արեւելքի հրեաներ», եւ կ'արդարացնէին Հայոց Ցեղասպանութիւնը իբրեւ «ազգային եւ պատմական անհրաժեշտութիւն»: Ազգերու Լիկայի (ԱԼ) մասնակիցները, որոնք 1920ին միայն Համաձայնականներու ներկայացուցիչներ էին, վերակենդանացուցին գաղութատիրական հին համակարգին պատումը: Ըստ անոնց՝ համաշխարհային խաղաղութիւնը պահպանելու եւ գաղութային/հոգատարական պետութիւնները վարելու համար, Համաձայնականներու օրէնքներու համակարգը պէտք է կիրարկել: Այս գաղափարախօսութիւնը որոշակի բովանդակութիւն հաղորդեց եւ աշխարհագրականօրէն սահմանափակեց համաշխարհային օրակարգը: Լուսարձակի տակ առնուեցան Առանցքի Երկիրներու տարածքներուն փոքրամասնութեանց պահպանման եւ առողջապահութեան խնդիրները, եւ ժխտուեցան Համաձայնականներու գաղութացուցած երկիրներուն մէջ մարդկային իրաւանց բռնաբարումները: ԱԼն երկու թշնամի մատնանշած էր. պոլշեւիկներն ու քեմալականները, որոնց սակայն ԱԼի համաշխարհային հեղինակութիւնը հարցականի տակ դնող գլխաւոր զինուորաքաղաքական ուժերն էին: Խտրութիւն յառաջացաւ քաղաքակրթուած «մենք»ին եւ բարբարոս «անոնց»ին միջեւ: Այս պատճառով ալ 1920-30ականներուն ԱԼն երկու գաղթական խումբեր ճանչցաւ՝ հայերն ու ռուսերը: Հայոց Ցեղասպանութիւնը - նախալեմքինեան հասկացութեամբ - միաձայնութեամբ ճանչցուեցաւ ԱԼի Ընդհանուր Ժողովին (ԸԺ), ուր ներկայացուցիչները բազմիցս արտայայտուեցան Թուրքիոյ մէջ հայերու «համակարգուած ոչնչացման» դէմ, բարոյապէս հիմնաւորելով յօգուտ Հայաստանի Հանրապետութեան իրենց միջամտութիւնը: ԸԺն, սակայն, փաստած էր արդէն որ անկարող էր լուծել Հայկական Հարցը, ուստի եւ՝ կատարել ի՛ր իսկ հռչակած գործառոյթը՝ խաղաղութեան եւ արդարութեան իբրեւ պահապան: Ուստի, հաստատութենական հակասութիւն մը յառաջացաւ ԱԼի առաջին իսկ ԸԺին: Յաղթահարելու համար այս տագնապը, ներկայացուցիչները Հայաստանի հանդէպ իրենց պատասխանատուութիւնները լուծարեցին կամ վերաբանաձեւեցին իբրեւ փոքրամասնութիւններու եւ գաղթականներու աջակցութեան տրամախօսութիւն:
dc.identifier.citationKránitz, P., P., "The Dissolution of the Armenian Question and the Crisis of the League of Nations", "Haigazian Armenological Review", 2019, Beirut, pp. 375-406
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1335
dc.titleThe Dissolution of the Armenian Question and the Crisis of the League of Nations
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Peter Pal Kranitz, The Dissolution of the Armenian Question and the Crisis of the League of Nations.pdf
Size:
54.76 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections