Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Emile Lahoud (1998-2007) Part II

Abstract
Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ եւ անգլիատառ թերթերու, հայկական թերթերու մէջ տեղական թերթերէ թարգմանաբար տրուած տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 2005 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայ համայնքներուն յատկացուած էին վեց երեսփոխանական աթոռներ: Քարամէի կառավարութեան կազմութենէն ետք քայլեր առնուած էին 2000 թուականի ընտրական օրէնքը բարեփոխելու: Ըստ կարգ մը թերթերու անոր նպատակն էր «Ռաֆիք Հարիրիի թեւերը կոտրել»: Ընտրական օրինագիծին քննարկումի շրջանին, Հարիրի ահաբեկումի զոհ գնաց: Այս դէպքը յեղաշրջեց կացութիւնը: Քարամէ հրաժարեցաւ եւ կրկին անգամ չկրցաւ կառավարութիւն կազմել: Մինչ այդ երկու հակամարտ կողմեր յառաջ եկան՝ Մարտ 8ի ուժերը (Հըզպալլա, Ամալ, Աունի Հոսանք, Ֆրանճիէի Մարատա, Ղովմիներ եւն.) եւ Մարտ 14ի ուժերը (Հարիրիականներ, Ընկերվար Յառաջդիմական Կուսակցութիւն, Փաղանգաւորներ, Լիբանանեան Ուժեր, եւն.), որոնք մեծ ցոյցեր կազմակերպեցին առաջինը ի նպաստ Սուրիոյ եւ երկրորդը Սուրիոյ դէմ: Միջազգային ճնշումով սուրիացիք Լիբանանէն իրենց ուժերը քաշեցին: Նեժիպ Միքաթիի կառավարութիւնը որոշեց ընտրութիւնները կայացնել 2000ի օրէնքին հիմամբ, հակառակ նախագահ Լահուտի ընդդիմութեան, որ սակայն ի վերջոյ հարկադրուեցաւ օրէնքը ստորագրելու: ՀՅԴաշնակցութիւնը Մարտ 8ի ուժերուն հետ էր, իսկ ՍԴՀԿ ու ՌԱԿ Մարտ 14ի ուժերուն հետ: ՀՅԴ դէմ էր 2000ի օրէնքին եւ երբ Սաատ Հարիրի մերժեց ՀՅԴ թեկնածուները առնել իր ցանկերուն վրայ, ՀՅԴ որոշեց պոյքոթել Պէյրութի ընտրութիւնները: Ուստի Հարիրիի ցանկին վրայ գտնուող հայ թեկնածուները՝ Տքթ. Եղիկ Ճէրէճեան (ՍԴՀԿ), Յակոբ Գասարճեան (ՌԱԿ), եւ անկուսակցականներ՝ Ժան Օղասափեան ու Սերժ Թուրսարգիսեան անմրցակից ըլլալով պետական երեսփոխան հռչակուեցան: Մեթնի մէջ, ՀՅԴ որ զօրաւոր դիրքերու վրայ, կրցաւ Զօր. Աունի եւ Միշէլ Մըրի միջեւ մերձեցում յառաջացնել եւ իր թեկնածուն՝ Յակոբ Բագրատունին, ընտրուեցաւ երեսփոխան: Զահլէի մէջ ՀՅԴի որդեգրած թեկնածուն՝ Ճորճ Գասարճի, Էլիաս Սքաֆի ցանկէն ընտրուեցաւ: Մեթնի եւ Զահլէի մէջ Մարտ 14ի հայ թեկնածուները յաջողութեան չհասան: Լիբանանահայ գաղութին մէջ լարուածութեան շրջանէ մը ետք, Ազգային Համախոհութեան նիստերուն, երեք հայ կուսակցութիւններու երեսփոխանները հերթաբար ներկայացուցին լիբանանահայութիւնը:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidency of Emile Lahoud (1998-2007) Part II", "Haigazian Armenological Review", 2010, Beirut, pp. 269-309
DOI
Collections