Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections During the Presidency of Michel Suleiman (2008-)

Abstract
Հեղինակը հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի ֆրանսատառ, անգլիատառ եւ արաբերէն, նաեւ՝ հայկական թերթերու մէջ տեղական թերթերէ թարգմանաբար տրուած տեղեկութիւններու, ինչպէս նաեւ անձնական հաղորդակցութեամբ կուտակուած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ Լիբանանի 2009ի խորհրդարանական ընտրութիւններուն հայկական մասնակցութիւնը Պէյրութի, Հիւսիսային Մեթնի եւ Զահլէի ընտրաշրջաններուն մէջ, ուր հայ համայնքներուն յատկացուած էին վեց երեսփոխանական աթոռներ: Հեղինակը նիւթին մէջ խորանալէ առաջ կու տայ արագ ակնարկ մը Լիբանանի երկբեւեռ քաղաքական կացութեան եւ 2007ի Մեթնի մասնակի ընտրութեան մասին, որուն մէջ յաղթանակած էր Զօր. Աունի թեկնածուն ՀՅԴաշնակցութեան ցուցաբերած զօրաւոր օժանդակութեան շնորհիւ: Հուսկ կ'անդրադառնայ 7 Մայիս 2008ի արիւնալի դէպքերուն, եւ անոր իբրեւ հետեւանք Տոհայի Համաձայնութեան, լիբանանեան բանակի հրամանատար Զօր. Միշէլ Սլէյմանի միաձայնութեամբ համաձայնական հանրապետութեան նախագահ ընտրութեան եւ ընտրական նոր օրէնքին: Խորհրդարանական ընտրութիւնները կայացան մէկ օրուան ընթացքին 7 Յունիս 2009ին, պրկուած, բայց ընդհանրապէս հանդարտ մթնոլորտի մը մէջ: Պայքարող կողմերն էին Սաատ Հարիրիի գլխաւորած Մարտ 14ի ուժերը եւ Հըզպալլա-Ամալ-Զօր. Աուն եւ այլ դաշնակիցներու Մարտ 8ի ուժերը: ՀՅԴ կրկին Մարտ 8ի ուժերուն հետ եղաւ, քանի որ Սաատ Հարիրիի հետ համաձայնութիւն չգոյացաւ: Իսկ ՍԴՀնչակեան եւ ՌԱԿուսակցութիւնները Մարտ 14ի ուժերուն հետ էին եւ անոնց նեցուկով չորս երեսփոխաններ (մէկը անմրցակից եւ 3ը՝ ընտրութեամբ) ընտրուեցան այլեւայլ վերիվայրումներէ ետք, ինչպիսին էր հայ կաթողիկէ թեկնածուին հարցը: ՀՅԴաշնակցութիւնը ապահովեց երկու աթոռ, Մեթնի եւ Պէյրութ Բ.ի մէջ երկուքն ալ անմրցակից կերպով: ՀՅԴ նաեւ մեծ թիւով Լիբանանէն դուրս բնակող լիբանանահայեր Լիբանան բերաւ ընտրութեան քուէարկելու համար: Լիբանանահայ գաղութին մէջ որոշ լարուածութիւն մը զգալի էր նախընտրական եւ յետ-ընտրական անմիջական շրջանին, սակայն միջկուսակցական կապերը շարունակուեցաւ Լիբանանէն դուրս եւ ներս եւ կարելի եղաւ հայոց վրայ գործադրուած Ցեղասպանութեան 95ամեակը միասնական կեցուածքով ոգեկոչել: Կառավարութեան մէջ 30 նախարարի վրայ հայկական կողմերը ներկայացուած էին մէկական նախարարով եւ երկու կողմերը մասնակցեցան Լիբանանի Ազգային երկխօսութեան համաժողովին:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections During the Presidency of Michel Suleiman (2008-)", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp. 333-391
DOI
Collections