تواجد األرمن في دير الزور فترة اإلبادة األرمنية

Abstract
Յօդուածը կը լուսաբանէ ԺԹ. դարավերջի եւ դարասկիզբի Տէր Զօրի իրավիճակը եւ հայերու ներկայութիւնը այնտեղ՝ ըստ արաբական աղբիւրներու: Ուսումնասիրութիւնը կ'օգնէ ծանօթանալու Տէր Զօրի շրջանին՝ պատմական անուանումէն մինչեւ քաղաքի կազմաւորման եւ հայերու այնտեղ ներկայութեան խնդիրներուն։ Հիմնուելով արաբ, մանաւանդ սուրիական աղբիւրներու վրայ, որոնք Հայոց Ցեղասպանութեան պատմագրութեան համար բաղկացուցիչ նիւթեր կը համարուին, կը հետազօտուի Ցեղասպանութեան օրերուն Տէր Զօրի հայ գաղթականութեան իրավիճակը: Վերոյիշեալ աղբիւրները տեղեկատուական վկայութիւններու կողքին կը ներկայացնեն սուրիական արաբական տեսակէտը Տէր Զօր բնակութիւն հաստատող հայերու նկատմամբ, մասնաւորաբար՝ Հայոց Ցեղասպանութեան առնչութեամբ անոնց դիրքորոշումը:
Description
Keywords
Citation
نورا أريسيان، تواجد الأرمن في دير الزور فترة الإبادة الأرمنية، مراجعة هايكازيان للأرمنولوجيا، 2015، الصفحات 781–790
DOI
Collections