The Press of Armenian Genocide Survivors in Syria (1916-1919)

Abstract
Յօդուածը կ'ուսումնասիրէ Հայոց Ցեղասպանութեան օրերուն եւ այդ արհաւիրքի անմիջական վաղորդայնին` 1916-1919ին, Սուրիական Արաբական Հանրապետութեան ներկայ տարածքին վրայ, մասնաւորաբար՝ Դամասկոսի եւ Հալէպի մէջ լոյս ընծայուած հայերէն պարբերականները՝ Փորձանք, Հայ Ձայն, Տարագիր, Գաղթական, Պիծակ եւ Եփրատ, հիմնուելով այդ պարբերականներու Հալէպի Վիոլէթ Ճէպէճեան եւ Վիեննայի Մխիթարեան հայրերու գրադարաններուն մէջ գտնուող ոչ-ամբողջական հաւաքածուներուն վրայ: Հեղինակը կը ներկայացնէ անոնց մասին մատենագիտական տուեալներ, անոնց բովանդակութիւնն ու ծանօթ աշխատակիցները` այդ մասնակի հաւաքածուներուն ընդմէջէն՝ հետաքրքրական տուեալներ մէկտեղելով Մեծ Եղեռնէն վերապրած հայորդիներու ամէնօրեայ հոգերուն մասին՝ 1918ի վերջին եւ 1919ի սկիզբը` մինչեւ վերջիններուս մեծագոյն մասին Կիլիկիա վերադարձն ու այդ պարբերական հրատարակութիւններուն դադրիլը կամ Կիլիկիա տեղափախուիլը:
Description
Keywords
Citation
Shemmassian, V., L., "The Press of Armenian Genocide Survivors in Syria (1916-1919)", "Haigazian Armenological Review", 2004, Beirut, pp. 211-233
DOI
Collections