Zabel, Queen of Cilicia, and her Time
dc.contributor.author | Akaby Nassibian | |
dc.date.accessioned | 2025-08-12T06:24:26Z | |
dc.date.available | 2025-08-12T06:24:26Z | |
dc.date.issued | 1994 | |
dc.description.abstract | Հայոց պատմութեան մէջ Կիլիկիոյ Զապէլ թագուհին եղաւ այն շատ քիչերէն, որոնք ո՛չ միայն եղան լաւագոյններէն իրենց դասին՝ այլ մանաւանդ անոնցմէ որոնք մնալով հանդերձ ստուերի մէջ եւ սքօղուած՝ շեշտ ու նկարագիր տուին իրենց ժամանակաշրջանին։ Արդարեւ՝ Զապէլ թագուհիի ժամանակաշրջանը կը յատկանշուի քաղաքական ու տնտեսական, մշակութային ու գեղարուեստական, եւ շինարարական ու գրական արտայայտչականութեամբ մը, որուն հազիւ թէ կարելի է հանդիպիլ Կիլիկեան Հայաստանի որեւէ այլ ժամանակահատուածի մէջ: Բարդ իրադրութիւններու մէջ էր, որ գահ բարձրացաւ Զապէլ, երբ մանկութենէ պատանութիւն հազիւ թէ քայլ առնելու վրայ Էր անիկա եւ միակ ուղիղ եւ օրինական ժառանգորդը կիլիկեան գահին: Ծնած էր 1212-ին կամ 1213-ին՝ ըստ Րուլտ-Քոլենպերկի, եւ գահին թեկնածու մը եւ տէր մը ապահովելու մտահոգութեամբ՝ ան ամուսնացաւ կիլիկեան գահի խնամակալ Կոստանդինի որդի Հեթումի հետ 1226-ին։ Իր ամուսնութենէն տասնմեկ տարի ետք էր որ ծնունդ տուաւ իր առջինեկին, որուն յաջորդեցին չորս մանչ եւ երեք աղջիկներ եւս: Արդէն իր առջինեկովն իսկ ապահովուած էր յաջորդականութիւնը գահին: Սակայն Զապէլն եղաւ ո՛չ միայն սքանչելի մայր եւ առաքինի կին՝ այլ մանաւանդ խոհեմ գահակից մը Հերումին, որուն առած քաղաքական իւրաքանչիւր քայլի ետին անպայման գտնուեցաւ ինք ու եղաւ մղիչ ու բարոյական այն ուժը որ առաջնորդեց իր ամուսինը հաւասարակշիռ ընթածիրի մը վրայէն: Այսպէ՛ս էր որ Կիլիկեան Թագաւորութիւնն եղաւ առաջինը մոնկոլական ուժին ձեռք տուող եւ անոր հետ զինուորական ու տնտեսական դաշնագիր ստորագրող: Բարեսէր եւ զոհողութեան ներկայացուցիչ այս կինը գիտցաւ երթալ իր ժողովուդին եւ անոր համար հաստատեց որբանոցներ, հիւանդանոցներ, այրիանոցներ, եկեղեցիներ ու կրթական հաստատութիւններ: Ի՛նքն էր որ թիկունք ու պաշտպան կանգնեցաւ կիլիկեան գրիչներուն, մանրանկարիչներուն, պատմիչներուն եւ գեղարուեստի մշակներուն։ Իր շրջանէն այժմ կան բազմաթիւ եկեղեցիներու եւ վանքերու կողքին՝ բերդեր ու կամուրջներ, պալատներ եւ ազգային ու ընկերային բազմաթիւ համալիրներ եւ հաստատութիւններ, որոնցմէ եւ ո՛չ մէկուն ճակատին արձանագրուած կարելի է գտնել անունը հայոց թագուհիին: Իսկ ժամանակակից պատմիչներն ալ, ըստ տիրող սովորութեան, կը խօսին լոկ թագաւորներու եւ իշխաններու մասին: Այսուհանդերձ՝ վեր հանելու համար իսկական դէմքը Կիլիկիոյ Զապէլ թագուհիին՝ յօդուածագիրը լաւագոյնս կ'օգտագործէ սուղ տուեալները Սմբատ Սպարապետին եւ Կիրակոս Գանձակեցիին, Վարդան Բարձրբերդցիին եւ Սամուէլ Անեցիին, Վահրամ Րաբունիին եւ Գրիգոր Ականցին, Միքայէլ Ասորիին եւ ձեռագրական յիշատակարաններուն՝ ի վերջոյ եզրակացնելու համար թէ իր նկարագիրով, վարք ու բարքով եւ գործունէութեամբ՝ Զապէլ թագուհին մեծապէս սատարեց Կիլիկեան Հայաստանի ներքին ամրապնդումին: ... Թերեւս իր մեծագոյն նպաստն էին շահագրգռուածութեան իր կենդանի օրինակը իր ժողովուրդին տառապանքին եւ հանգիստին, եւ իր նուիրումը իր երկրին հանդէպ: Հակառակ այն բոլոր տուայտանքներուն որոնցմէ անցաւ իր գահակալութեան եւ ամուսնութեան առիթով՝ անիկա ապահովեց գահին վստահ եւ հեզասահ յաջորդականութիւն մը»: Ապա Դոկտ. Նասիպեան կը կրկնէ Հայոց թագուհիին ժամանակակիցի մը խօսքերը թէ անիկա եղաւ ո՛չ միայն «իսկական ժառանգորդ մը» Կիլիկիոյ Գահին, որ «հոգ տարաւ իր երկրին, ինչպէս նաեւ մեր եկեղեցիներուն եւ վանքերուն, (այլ) իր կատարած բոլոր բարիքներէն վեր (եւ) աւելին ըլլալով՝ գահաժառանգներ պարգեւեց մեր Հայաստան Աշխարհին, որպէսզի անպաշտպան կերպով կամ որպէս թափառաշրջիկներ չշարժէինք աջ ու ահեակ»: | |
dc.identifier.citation | Nassibian, A., "Zabel, Queen of Cilicia, and Her Time", "Haigazian Armenological Review", 1994, Beirut, pp. 41-51 | |
dc.identifier.uri | https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/709 | |
dc.title | Zabel, Queen of Cilicia, and her Time |
Files
Original bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- Akaby Nassibian, Zabel, Queen of Cilicia, and her Time.pdf
- Size:
- 24.32 MB
- Format:
- Adobe Portable Document Format
License bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- license.txt
- Size:
- 1.71 KB
- Format:
- Item-specific license agreed to upon submission
- Description: