Haigazian Armenological Review
Permanent URI for this community
Browse
Browsing Haigazian Armenological Review by Author "Martiniano Pellegrino"
Now showing 1 - 1 of 1
Results Per Page
Sort Options
Item Marino Sanuto «Il Vecchio», Detto Torsello (ca. 1270 - ca. 1343) e Gli Armeni di Cilicia Qualche Informazione(1993) Martiniano Pellegrino; Samira RoncagliaՀեղինակը Վենետիկի Հանրապետութեան իշխանաւորներէն է։ Ան պատրաստած է կոթողային ուսումնասիրութիւն մը, որուն նպատակն էր խաչակրութիւն մը կազմակերպել Եգիպտոսի Սուլթանին դէմ, ազատագրելու համար Ս. Երկիրը։ Հեղինակը ապրած է 1270-1343-ի շուրջ: Խաչակրութեան ծրագրին քաղաքական եւ զինուորական երեսները ներկայացնելէ ետք, Մարինոյ Սանութոյ Թորսելլոյ նկատի առած է նաեւ խաչակրութեան հանդէպ արեւելքցի ժողովուրդներուն կարելի հակազդեցութիւնները, որոնց մէջէն անցնելու էին խաչակիր զօրքերը հասնելու համար Եգիպտոս։ Այս առթիւ է, որ հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան, կը նշէ հոն ապրող ժողովուրդին կրօնական դաւանանքը, ծոմապահութեան օրէնքները, հայկական տօնացոյցի իւրայատկութիւնները, Կաթողիկոսին վայելած բացառիկ վարկը, եւն.: Այս բոլորը դիտուած են եւրոպացիի կողմէ եւ, պէտք է ըսել, արտայայտուած՝ բաւականին ճշգրտութեամբ։