Haigazian Armenological Review
Permanent URI for this community
Browse
Browsing Haigazian Armenological Review by Title
Now showing 1 - 20 of 332
Results Per Page
Sort Options
Item 1667թ. Հայ-ռուսական առեւտրական պայմանագիրը եւ Նոր Ջուղայի ինքնավար մարմինները(1980) Շուշանիկ ԽաչիկեանIt has been accepted by historians that the Armeno-Russian trade agreement of 1667 was signed by the representatives of the Russian government on one side, and the Armenian Trade Company of New Julfa (Persia) on the other. After carefully studying the available primary sources concerning the business and trade activities of the Armenian community of New Julfa and its administrative bodies, the author has concluded that there has never been an Armenian Trade Company in New Julfa in the European sense of it. R. Romotamsky and K. Loussigov, who signed the 1667 agreement, were the authorized representatives of the autonomous board of New Julfa. The ruling board of the autonomous city of New Julfa were represented by the twenty governors of the city's twenty independent quarters, by the head of the trade unions and by the kalantar (the board leader, who was elected by the community and approved by the Shah). All members of the ruling board came from the very rich merchant families, known as khojas. In the article also is discussed the rights, obligations, and activities of the ruling board of the autonomous city of New Julfa.Item Akaby Nassibian, Britain and the Armenian Question 1915-1923, London: Croom Helm, 1984 (294 pp.)(1982-1984) Ingrid SamaanItem An Historical and Dynastic Survey of Caucasia, Eastern Anatolia and Adharbayjan from Xth to the XIIIth Centuries(1971) Dickran K. KouymjianՅօդուածը կը ներկայացնէ 10-13րդ դարերու քաղաքական ու ցեղագրական պատմութիւնը հարաւ արեւելեան Կովկասի, ներառեալ՝ Հայաստանի, Վրաստանի ու Ատրպէյճանի: Մասնաւոր ուշադրութեամբ վեր առնուած են այդ շրջաններուն մէջ վերոյիշեալ ժամանակին իշխող իսլամական ցեղերը: Սերտողութեան նիւթ դարձած են մինչեւ իսկ երկրորդական կարեւորութիւն ունեցող փոքր պետութիւնները: Վերլուծումի ենթարկուած է այդ ցեղերուն ճակատագիրը 11րդ դարու սելճուք-թրքական եւ 13րդ դարու մոնկոլական արշաւանքներու ընթացքին: Արծարծուած են նաեւ շարք մը դրամագիտական եւ ընկերային-հասարակական հարցեր:Item Armenia and the League of Nations(1993) Vrej NercessianԴկ. Վ. Ներսէսեան կը ներկայացնէ զոյգ մը փաստաթուղթեր, որոնք անմիջական կերպով կ'առընչուին Հայաստանի Հանրապետութեա եւ Ազգերու Համադաշնակցութեան փոխյարաբերութիւններուն: Անոնցմէ առաջինը տեղեկագիր մըն է Հայաստանի Հանրապետութեան 1920-ական թուականներու ներքին կացութեան, թուրք ազգայնական հորդաներու Հայաստանի վրայ կատարած յարձակումին, Ալեքսանդրապոլի դաշնագիրի պարտադրանքին, եւ համայնավար ուժերու հայկական իշխանութեան ձեռք ձեռքբերումին մասին։ Ազգերու Համադաշնակցութեան Խորհուրդին պահանջով զայն պատրաստեց իտալացի Լուիճի Վիլլարին՝ Թիֆլիս հաստատուած արեւմտեան ներկայացուցիչներու երիցագոյն անդամը եւ յղեց Լորտ Ռապըրթ Սեսիլին, որ փոխ նախարարն էր եւ Անգլիոյ արտաքին գործերու նախարար Լորտ Արթըր Ճէյմս Պալֆուրին: Փաստաթուղթը կը կրէ «Արդի դէպքեր Հայաստանի մէջ» վերնագիրը: Երկրորդ փաստաթուղթը 24 Դեկտեմբեր 1920 թուակիր մէկ նամակն է Հանրապետության Պատուիրակութեան նախագահ Աւետիս Ահարոնեանին, եւ, ինչպէս առաջին փաստաթուղթը, ուղղուեցաւ Լորտ Ռոպըրթ Սեսիլին: Ա՛յս մէկն ալ կ'առընչուի Լուիճի Վիլլարիի տեղեկագիրին բովանդակութեան: Երկու փաստաթուղթերն ալ կը հրատարակուին առաջին անգամ:Item B. Narcis (Editor), "ARMENIAN ART TREASURS OF JERUSALEM", New York, 1979(1979) Մինաս ԳոճայեանItem Bernard Von Breydenbach's Peregrinatio in Terram Sanctam and its Significance for the History of Armenian Printing(1992) Vrej NersessianՀոս տրուող յօդուածը կը բաղկանայ երեք մասերէ, որոնց առաջինով կը տրուի Պերնարտ Ֆոն Պրէյտենպախի դէպի Երուսաղէմ ուխտագնացութեան պատմութիւնը։ Պրէյտենպախն իր ուխտագնացութեան ձեռնարկեց 25 Ապրիլ 1483-ին երկու ուխտակիցներու ընկերակցութեամբ եւ տուն դարձաւ միայն 1484-ի Յունուարին: Հոս Մայնցի մէջ, որուն աւագերէցն էր անիկա՝ տոմինիկեան կրօնաւոր Մարթին Րոթի օգնութեամբ գրեց իր ճամբորդութեան պատմութիւնը։ Հատորը լոյս տեսաւ 1486-ին, եւ յաջորդ երեքուկէս տասնամեակի ընթացքին անիկա ունեցաւ 12 տպագրութիւն, որոնցմէ երեքը՝ լատիներէն, երեքը` գերմաներէն, մէկը՝ ֆլաման, չորսը՝ ֆրանսերէն եւ մէկն ալ՝ սպաներէն լեզուներով։ Բոլորն ալ պատկերազարդուած են այցելուած վայրերու, անօրինակ ու անծանօթ կենդանիներու, այլազան ժողովուրդներու զգեստի եւ զանազան լեզուներու այբուբենի գծանկարներով եւ տախտակներով: Այս բոլորին մէջ հետաքրքրական կը մնան հայերէն լեզուի այբուբենի տախտակն ու գործին այն հատուածը, որ կը խօսի հայուն եւ անոր կրօնական ու ընկերային առօրեային մասին։ Վերջին այս վկայութիւնը, առաջին անգամն ըլլալով, կը տրուի անգլերէն թարգմանութեամբ, զոր հեղինակը կը կատարէ գերմաներէն եւ լատիներէն հրատարակութիւններու հետեւողութեամբ։ Յօդուածին երկրորդ մասը կը խօսի պաւարացի Եոհան Շիլթպերկերի գործին մասին, որ լոյս տեսաւ 1473-ին՝ Եոհան Շիլթպերկերի Գերեվարութիւնը եւ Ճամբորդութիւնները վերնագիրով: Այս գիրքին թիւ 13, 62, 63, 64, 65 եւ 66 գլուխները կը խօսին հայութեան, անոր ժամանակակից պատմութեան եւ լեզուին մասին։ Յստակ է հայութեան հանդէպ տածած համակրանքը Շիլթպերկերի։ Անիկա կը վկայէ թէ «ես մի՛շտ ալ ապրած եմ հայերուն հետ, որովհետեւ անոնք շատ սիրալիր են գերմաններուն հանդէպ. եւ որո՛վհետեւ գերման մըն էի ես՝ անոնք շատ ազնիւ կերպով վարուեցան ինծի հետ. աւելին՝ ինծի սորվեցուցին իրենց Հայր Մերը եւ լեզուն...»։ Յօդուածին երրորդ եւ վերջին մասով Ներսէսեանը կու տայ մէկ շարքը` 12 հնատիպ գիրքերու, որոնք կը բացակային հեղինակին Catalogue of Early Armenian Books, 1512-1850, (London, 1980) գործէն, եւ որոնք կը խօսին հայութեան, հայերէն լեզուի եւ տէրունական աղօթքի մասին, եւ կու տան այդ աղօթքը լատինատառ հայերէնով։Item Data for the History of Medieval Arab-Armenian Relation(1992) Seta B. DadoyanՀայ-արաբական փոխյարաբերութիւններու ուսումնասիրումը յաճախ կեդրոնացած կը մնայ Հայաստանի արաբական գրաւումին վրայ (640-865) եւ անոր յաջորդող Բագրատունեաց Հարստութեան ժամանակներուն (865- 1045): Մինչդեռ տուեալները կու գան ցույց տալու թէ այդ փոխյարաբերութիւնները կը սկսին շա՜տ աւելի կանուխէն՝ Տիգրան Մեծի օրերէն ու կ'առաձգուին մինչեւ ԺԴ. եւ ԺԵ. դարերը, ու չեն մնար պարունակէն ներս զուտ քաղաքականին ու զինուորականին: Արաբներուն ծանօթ էր Արմինիա կոչուած աշխարհագրական տարածութիւնը, որ այդպէս կը կոչուէր հոն բնակող ժողովուրդին անունով։ Այդ մէկը կ'ընդգրկէր Կովկասէն մինչեւ Սուրիա եւ Կիլիկիա եւ Կասպից ծովէն մինչեւ Փոքր Ասիոյ կեդրոնական մասերը տարածուող շրջանները: Ըստ արաբ պատմիչ Հաֆիզի՝ այս հողամասը կը բաժնուէր չորս Հայքերու։ Արաբ այլ պատմիչներ՝ Էտիպ Սայյետը, Մարուան էլ-Մուտաուարը, եւ ուրիշներ իրենց գործերուն մէջ կը խօսին Հայաստանի եւ հայ ժողովուրդի մասին եւ լոյսին կը հանեն ընկերային, տնտեսական, վարչական, կրօնական, իմացական եւ մշակութային փոխյարաբերութիւնները երկու ժողովուրդներուն։ Ըստ անոնց՝ կար ժամանակ մը երբ Հայաստանի սահմաններէն ներս կային հաստատուած բազմաթիւ արաբական ցեղեր ու ցեղախումբեր, որոնցմէ ոմանք հաստատեցին նոյնիսկ արենակցական կապեր բնիկ հայ տարրին հետ։ Աւելին՝ անհատ հայեր եւ ընտանիքներ անցան ծառայութեանը արաբ իշխանաւորներու եւ ընդունեցին կրօնը եկուորներուն, եւ գտնուեցան ուրիշներ, որոնց ծառայութիւնն անցաւ զինուորականէն անդին եւ վարչականէն, եւ ընդգրկեց մշակութային, իմացական, օրէնսգիտական, լեզուագիտական, ճարտարապետական եւ արուեստի արտայայտութեան զանազան բնագաւառներ։ Փրոֆեսէօր Տատոյեան յականէ անուանէ կը յիշէ Ճըրճի իպն Թաուզարը, Վարդանը, Շահիէ էլ-Էրմենին, որ մեծ դեր խաղաց Բագրատունեաց Թագաւորութեան հիմնումին մէջ, անոր զաւակը՝ Ալի Հիւսէին Իպն Սահիէ էլ-Էրմենին, անոր թոռը՝ Մուհամմետ Ալի Իպն Շահին էլ-Էրմենին, Ապուլ-Հասան էլ–Մալթին, նկարիչ էլ–Ուասիթը, Պետր էլ-Ճեմելին, Ապու Ալի էլ–Գային, եւ բազմաթիւ այլ էլ-Ճեմելիներ, եւ տակաւին կարգ մը հայ թագուհիներ եւ արքայամայրեր ապպասեան թէ ֆաթիմեան գահերուն վրայ: Աւելին՝ յօդուածագիրը քննութենէ կ'անցընէ առնչութիւնները Անանիա Շիրակացիի եւ էլ Գուսթա Իպն Լուգայի, Իպն էլ–Մուգաֆֆայի Գալիլա ուա Տումնէ եւ Վարդան Այգեկցիի Աղուեսագիրքին առնչութիւնները, Ագաթանգեղոսի Պատմութեան արաբերէն թարգմանութեան հարցը, եւ արաբական Քիթեպ էլ Խայլի եւ հայկական Բժշկարան Ձիոյ եւ Առհասարակ Գրաստնայ գործերուն կապերը, եւ հուսկ ուրեմն կը խօսի իսմայիլեան Իխուան էլ–Սաֆա շարժումի գաղափարախօսութեան եւ Յովհաննէս Պլուզ Երզնկացիի Ի Տաճկաց Իմաստասիրաց Գրոց Քաղեալ Բանքի գիտական, իմաստասիրական, բարոյական, լեզուական, մետաղագիտական, տիեզերագիտական եւ այլ ձեւի առնչութիւններուն, եւ վերջապէս՝ Երզնկայի Եղբարց Միութեան Կանոնադրութեան մասին, ու կ'եզրակացնէ թէ «մարդկայնական գիտութիւններու, ինչպէս նաեւ գիտութեան պատմութեան մէջ կատարուած հետազօտութիւններ՝ ի վերջոյ, ամէն մակարդակի վրայ պիտի ընդարձակեն մեր ծանօթութիւնը հայ-արաբական ծանօթութիւններու մասին: մասին: Սակայն մինչեւ որ լուրջ եւ հաւաքական ճիգ մը կատարուի վերակազմելու համար պատմութեան այս յարաբերութիւններուն մութ մնացած ծալքերը` անհրաժեշտ է որ իրականութիւններ, մասնիկներ եւ մանրամասնութիւններ՝ ինչպիսին են տրուածներն այս յօդուածին մէջ՝ արձանագրուին որպէս էջատակի ծանօթութիւն տակաւին չգրուած պատմութեան համար հայ-արաբական յարաբերութիւններուն»։Item Edward Gulbekian, ed., "ARMENIAN PRESS DIRECTORY", London, Harq Publication, 1971, 76 pages(1971) Ժիրայր ԴանիէլեանItem Eglises Armeniennes du Liban. Relevé Archéologique(1991) Ani Mangassarian; Joseph Makhlouf; Salim Saade