Աստուածաբան, փիլիսոփայ եւ մանկավարժ Գրիգոր Տաթեւացի ուշ միջնադարու հայ եկեղեցւոյ ամենէն հեղինակաւոր դէմքերէն մէկը կը հանդիսանայ: Անոր մեկնաբանական, աստուածաբանական եւ իմաստասիրական երկերը՝ թելադրուած Հայաստանեայց եկեղեցւոյ գերագոյն շահերէն եւ ժամանակի մտաւորական պահանջներէն, կը ներկայացնեն հայ իմացական աշխարհի լաւագոյն ստեղծագործութիւններէն ոմանք: Գրիգոր Տաթեւացիի երկերուն եւրոպական լեզուներու թարգմանութիւնը անկասկած անոր պիտի բերէ միջազգային ճանաչում եւ հռչակ: