Repository logo
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
Repository logo

Haigazian University

  • Communities & Collections
  • All of DSpace
  • English
  • Català
  • Čeština
  • Deutsch
  • Español
  • Français
  • Gàidhlig
  • Italiano
  • Latviešu
  • Magyar
  • Nederlands
  • Polski
  • Português
  • Português do Brasil
  • Suomi
  • Svenska
  • Türkçe
  • Tiếng Việt
  • Қазақ
  • বাংলা
  • हिंदी
  • Ελληνικά
  • Yкраї́нська
  • Log In
    New user? Click here to register.Have you forgotten your password?
  1. Home
  2. Browse by Author

Browsing by Author "Matthias Bjornlund"

Now showing 1 - 3 of 3
Results Per Page
Sort Options
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Adana and Beyond: Revolution and Massacre in the Ottoman Empire Seen through Danish Eyes, 1908/9
    (2010) Matthias Bjornlund
    1908ի երիտթուրք յեղափոխութիւնը յոյսեր ներշնչեց որ Օսմանեան Կայսրութեան ներքին իրավիճակը կը բարելաւուի հայերու հանդէպ զուլումի քաղաքականութիւնը վերջ կը գտնէ, ազատութիւն, արդարութիւն, հաւասարութիւն լոզունգը կ'իրականանայ: Նման յոյսեր փայփայեցին նաեւ բողոքական միսիոնարները, որոնք եթէ Համիտի շրջանին կը նկատուէին քայքայիչ տարրեր, ապա յեղափոխութենէն ետք ողջունուեցան իբրեւ յառաջդիմութեան ախոյեաններ: Սակայն Ատանայի կոտորածը եկաւ ցնցելու այս լաւատեսութիւնն ու յոյսերը: Յստակ չէ երիտթուրքերու մասնակցութեան ծաւալը այս ջարդերուն, թէեւ փաստուած է նման մասնակցութիւնը, մանաւանդ որ կարգ ու կանոն հաստատելու համար ղրկուած բանակային միաւորներ նոյնպէս մասնակցեցան ջարդերուն՝ ըստ նոր հրապարակուած գերմանական դիւանագիտական տեղեկագրերու: Դանիական թերթերը մեծապէս արձագանգեցին այս ջարդերուն: Մամուլը ներկայացուց ականատեսի վկայութիւններ: Դէպքերու օրերուն հրապարակուեցան նաեւ հակասական եւ շփոթեցնող լուրեր, թէեւ աւելի ետք դէպքերու մասին յստակ պատկերացում տուող յօդուածներ հրատարակուեցան: Դանիոյ մամուլին համար յստակ էր որ գլխաւոր զոհերը հայերն էին: Յստակ էր նաեւ ջարդերուն արարողութիւնը, եւ թէ՛ թուրլ/քիւրտերն էին ջարդարարները: Սակայն այլ հարցերու շուրջ զանազան կարծիքներ կային՝ ըստ տուեալ թերթի գաղափարական հակումներուն: Քրիսթելինկթ Տակպլաթ թերթը, օրինակ, ինչպէս համիտեան ջարդերու շրջանին, այս դէպքերուն պարագային ալ շեշտեց կրօնական գործօնը, բայց ներկայացուց նաեւ այլ գործօններու առկայութիւնը, ինչպէս՝ ամբոխներու դերը, եւն. եւ «նահատակուած ժողովուրդ» կոչեց հայերը: Անդին սոցիալիստ Սոսիալ Տեմոքրաթէն թերթը հակառակ որ ողջունած էր երիտթուրք յեղափոխութիւնը, սկիզբէն եւեթ մատնանղեց երիտթուրքերուն բիրտ ուժի անզուսպ գործածութիւնը եւ հիմնովին քննադաեց 1909ի ջարդերը եւ երիտթուրքերը նկատեց յարաբերաբար յառաջդիմական եւ ոչ-իրական սոցիալիստներ, այլ՝ բուրժուա յեղափոխականներ: Միւս կողմէն, իր հակակրօնական հակումով թերթը ծանրօրէն քննադատեց հակայեղափոխականները եւ շարիաթի հաստատման անոնց նպատակը: Թերթը, իր գաղափարախօսութեան տուրք տալով քննադատեց նաեւ հայերը զանոնք ներկայացնելով իբրեւ միջազգային դրամատիրութեան միջնորդներ: Ըստ դանիացի միսիոնարներու տեղեկագրերուն ջարդերուն աշխարհագրական ընդգրկումը շատ աւելի ծաւալուն էր՝ Գոնիա-Կեսարիայէն մինչեւ Քեսապ, Ուրֆա, Ալեքսանտրէթ եւ նոյնիսկ Հալէպ-Դամասկոս ու Պէյրութ: Տուեալներ կան որ նոյնիսկ Պոլսոյ քրիստոնեաները յարձակումի պիտի ենթարկուէին: Սակայն, ոչ-բոլոր վայրերուն մէջ գործադրուեցան ջարդեր: Օրինակ ծրագրուած է Խարբերդի ջարդը իրականացնել Ապրիլ 26ին: Նոյնը ծրագրուած էր Մալաթիոյ 20,000 հայութեան քիւրտ զինեալ ամբոխը կը խուժէ քաղաք եւ կը հաւաքուի շուկան՝ սպասելով հրամանին, որ կ'ուշանայ, քանի որ նախորդ գիշեր տեղի քայմաքամը մահացեր էր... Ատանայի կոտորածէն ետք տակաւին եղան միսիոնարներ, ինչպէս Քարէն Եփփէն որ պաշտպանեցին երիտթուրքերը: Յետագային սակայ, Եփփէ եւս համոզուեցաւ եւ փոխեց իր կեցուածքը ու բացայայտօրէն քննադատեց երիտթուրքերը: Դանիական թերթեր հեգնեցին Ատանայի Զինուորական Ատեանի եզրակացութիւնը, թէ եղածը փողոցային արիւնոտ կռիւներ էին եւ թէ հաւասարապէս յանցաւոր էին երկու կողմերու աւազակախումբերը: Դանիական թերթեր տեղեկագրեցին թէ ջարդերէն ետք ճնշումներն ու պատիժները ուղղուած էին հայերուն դէմ եւ եզրակացուցին թէ մէկ բռնակալութիւնը փլուզուած էր, բայց նոր մը հիմնուած էր անոր փոխարէն:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Before the Armenian Genocide: Danish Missionary and Rescue Operations in the Ottoman Empire, 1900-1914
    (2006) Matthias Bjornlund
    Հեղինակը համառօտակի կը նկարագրէ համիտեան ջարդերու թողուցած արձագանգը Արեւմտեան Եւրոպայի, մանաւանդ՝ Դանիոյ մէջ: Այդ արձագանգը, զուգորդուելով գերմանացի կրօնաւորներու ականատեսի վկայութիւններուն, յառաջացուցին դանիական միսիոնարական առաքելութիւններ: Ի տարբերութիւն ամերիկեան թէ գերման միսիոնարական շարժումներուն, դանիականը պետական նպաստ չունէր: Անոնց սկզբնական անփորձութիւնը զիրենք մղեց կապուելու գերմանական, ապա եւ ամերիկեան միսիոնարական շարժումներու: Հուսկ, հեղինակը կ'անդրադառնայ դանիական միսիոնարական շարժումի ծաւալումին, կը մանրամասնէ Քարէն Եփփէի, Ենսին Էօրցի, Քրիսթա Համմէրի, Մարիա Եաքոպսընի եւ այլոց առաքելութեան կարգ մը երեսակները եւ թէ ինչպէս կարիքի հետեւանքով այդ առաքելութիւնները դաւանափոխական աշխատանքէ անցան որբանոցային, ուսումնական պարտականութիւններու: Պիորնլունտ կը շեշտէ կին միսիոնարներուն դերը՝ Ուրֆայի, Մալաթիոյ, Մամուրէթ ուլ Ազիզ-Խարբերդի մէջ, մանաւանդ համիտեան 1904ի թէ 1909 ջարդերուն ընթացքին եւ անկէ ետք՝ մինչեւ 1914: Մեկնելով դանիացի միսիոնարներու տեղեկութիւններէն, հեղինակը կը հաւաստէ թէ 1909ի ջարդը աւելի ծաւալուն ծրագրուած էր քան այն՝ ինչ տեղի ունեցաւ:
  • Loading...
    Thumbnail Image
    Item
    Karen Jeppe, Aage Meyer Benedictsen, and the Ottoman Armenians: National Survival in Imperial and Colonial Settings
    (2008) Matthias Bjornlund
    Հեղինակը կը ներկայացնէ Քարէն Եփփէի (1876-1935) եւ Աակէ Պենետիքթսընի (1866-1927) հայասիրական գործունէութեան կարգ մը երեսակները: Եփփէ 1902էն մինչեւ իր մահը ծառայած է օսմանցի հայերու՝ գլխաւորաբար այրիներու եւ որբերու: Պենետիքթսըն վարած է գրասենեկային եւ վարչական աշխատանք եւ շրջագայութիւններով մղում տուած է մարդասիրական այդ եւ նման գործունէութեանց: Երկուքն ալ կը գործէին դանիական Ֆրենծ օֆ Արմինիընզ կազմակերպութեան ծիրին մէջ, որ ի տարբերութիւն նմանօրինակ այլ կազմակերպութիւններու չէր յեներ նիւթական պետական աղբիւրներու, ինչպէս եւ զուտ կրօնական կազմակերպութիւններու: Պիորնլունտ ընդհանուր յայտարարի մը տակ դնելով հանդերձ արեւմտեան հայասիրական կազմակերպութիւնները, կը տարբերակէ անոնց գործունէութեան շարժառիթները, նպատակները, միջոցները, հայեացքները՝ արեւելքցիներու եւ մանաւանդ հայերու հանդէպ, կը ներկայացնէ թուրքերու, իսլամի ու քրիստոնէութեան մասին անոնց կարծիքները եւ տեսակէտները, մատնանշելով որ անոնցմէ ոմանք նոյն աչքով կը նայէին արեւելքցիներուն, արեւելքի քրիստոնէական համայնքներուն, իսկ ուրիշներ՝ դաւանափոխական ծիրի մէջ կը տեսնէին իրենց առաքելութիւնը, ոմանք ալ՝ մշակութային կայսերապաշտութիւն կը կատարէին: Ի տարբերութիւն ասոնց, Պիորնլունտ Եփփէի գործունէութիւնը կը դիտէ իբրեւ զուտ մարդասիրական առաքելութիւն, եւ կը մանրամասնէ Ֆրանսական Հոգատար Իշխանութեան, տեղաբնիկ պետեւիներու եւ գաղթական հայերու շահերու խաչաձեւումին մէջ Եփփէի գործունէութիւնը՝ իբրեւ Ազգերու Լիկայի Կոմիսար: Հեղինակը կը մանրամասնէ նաեւ Եփփէի՝ հիւսիսային Սուրիոյ երկրագործական շրջաններու մէջ հայերու բնակեցման խնդրով տարած աշխատանքները, ինչպէս նաեւ՝ առեւանգուած կանանց եւ որբուկներու ազատագրումը: Հուսկ, Պիորնլունտ կը մատնանշէ Քարէն Եփփէի եւ Աակէ Պենետիքթսընի միջեւ եղած հայեացքներու, խառնուածքի տարբերութիւնը: Ան կը ներկայացնէ նաեւ այս երկուքին՝ արեւելքի եւ արեւելքցիներուն հանդէպ ունեցած կարծիքներու բարեխառնումը ժամանակի ընթացքին:
Haigazian Repository
For further information, please contact: Library@haigazian.edu.lb