Adana and Beyond: Revolution and Massacre in the Ottoman Empire Seen through Danish Eyes, 1908/9
Loading...
Date
2010
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
1908ի երիտթուրք յեղափոխութիւնը յոյսեր ներշնչեց որ Օսմանեան Կայսրութեան ներքին իրավիճակը կը բարելաւուի հայերու հանդէպ զուլումի քաղաքականութիւնը վերջ կը գտնէ, ազատութիւն, արդարութիւն, հաւասարութիւն լոզունգը կ'իրականանայ:
Նման յոյսեր փայփայեցին նաեւ բողոքական միսիոնարները, որոնք եթէ Համիտի շրջանին կը նկատուէին քայքայիչ տարրեր, ապա յեղափոխութենէն ետք ողջունուեցան իբրեւ յառաջդիմութեան ախոյեաններ:
Սակայն Ատանայի կոտորածը եկաւ ցնցելու այս լաւատեսութիւնն ու յոյսերը: Յստակ չէ երիտթուրքերու մասնակցութեան ծաւալը այս ջարդերուն, թէեւ փաստուած է նման մասնակցութիւնը, մանաւանդ որ կարգ ու կանոն հաստատելու համար ղրկուած բանակային միաւորներ նոյնպէս մասնակցեցան ջարդերուն՝ ըստ նոր հրապարակուած գերմանական դիւանագիտական տեղեկագրերու:
Դանիական թերթերը մեծապէս արձագանգեցին այս ջարդերուն: Մամուլը ներկայացուց ականատեսի վկայութիւններ: Դէպքերու օրերուն հրապարակուեցան նաեւ հակասական եւ շփոթեցնող լուրեր, թէեւ աւելի ետք դէպքերու մասին յստակ պատկերացում տուող յօդուածներ հրատարակուեցան: Դանիոյ մամուլին համար յստակ էր որ գլխաւոր զոհերը հայերն էին: Յստակ էր նաեւ ջարդերուն արարողութիւնը, եւ թէ՛ թուրլ/քիւրտերն էին ջարդարարները: Սակայն այլ հարցերու շուրջ զանազան կարծիքներ կային՝ ըստ տուեալ թերթի գաղափարական հակումներուն:
Քրիսթելինկթ Տակպլաթ թերթը, օրինակ, ինչպէս համիտեան ջարդերու շրջանին, այս դէպքերուն պարագային ալ շեշտեց կրօնական գործօնը, բայց ներկայացուց նաեւ այլ գործօններու առկայութիւնը, ինչպէս՝ ամբոխներու դերը, եւն. եւ «նահատակուած ժողովուրդ» կոչեց հայերը: Անդին սոցիալիստ Սոսիալ Տեմոքրաթէն թերթը հակառակ որ ողջունած էր երիտթուրք յեղափոխութիւնը, սկիզբէն եւեթ մատնանղեց երիտթուրքերուն բիրտ ուժի անզուսպ գործածութիւնը եւ հիմնովին քննադաեց 1909ի ջարդերը եւ երիտթուրքերը նկատեց յարաբերաբար յառաջդիմական եւ ոչ-իրական սոցիալիստներ, այլ՝ բուրժուա յեղափոխականներ: Միւս կողմէն, իր հակակրօնական հակումով թերթը ծանրօրէն քննադատեց հակայեղափոխականները եւ շարիաթի հաստատման անոնց նպատակը: Թերթը, իր գաղափարախօսութեան տուրք տալով քննադատեց նաեւ հայերը զանոնք ներկայացնելով իբրեւ միջազգային դրամատիրութեան միջնորդներ:
Ըստ դանիացի միսիոնարներու տեղեկագրերուն ջարդերուն աշխարհագրական ընդգրկումը շատ աւելի ծաւալուն էր՝ Գոնիա-Կեսարիայէն մինչեւ Քեսապ, Ուրֆա, Ալեքսանտրէթ եւ նոյնիսկ Հալէպ-Դամասկոս ու Պէյրութ: Տուեալներ կան որ նոյնիսկ Պոլսոյ քրիստոնեաները յարձակումի պիտի ենթարկուէին: Սակայն, ոչ-բոլոր վայրերուն մէջ գործադրուեցան ջարդեր: Օրինակ ծրագրուած է Խարբերդի ջարդը իրականացնել Ապրիլ 26ին: Նոյնը ծրագրուած էր Մալաթիոյ 20,000 հայութեան քիւրտ զինեալ ամբոխը կը խուժէ քաղաք եւ կը հաւաքուի շուկան՝ սպասելով հրամանին, որ կ'ուշանայ, քանի որ նախորդ գիշեր տեղի քայմաքամը մահացեր էր...
Ատանայի կոտորածէն ետք տակաւին եղան միսիոնարներ, ինչպէս Քարէն Եփփէն որ պաշտպանեցին երիտթուրքերը: Յետագային սակայ, Եփփէ եւս համոզուեցաւ եւ փոխեց իր կեցուածքը ու բացայայտօրէն քննադատեց երիտթուրքերը: Դանիական թերթեր հեգնեցին Ատանայի Զինուորական Ատեանի եզրակացութիւնը, թէ եղածը փողոցային արիւնոտ կռիւներ էին եւ թէ հաւասարապէս յանցաւոր էին երկու կողմերու աւազակախումբերը: Դանիական թերթեր տեղեկագրեցին թէ ջարդերէն ետք ճնշումներն ու պատիժները ուղղուած էին հայերուն դէմ եւ եզրակացուցին թէ մէկ բռնակալութիւնը փլուզուած էր, բայց նոր մը հիմնուած էր անոր փոխարէն:
Description
Keywords
Citation
Bjornlund, M., "Adana and Beyond: Revolution and Massacre in the Ottoman Empire Seen through Danish Eyes, 1908/9", "Haigazian Armenological Review", 2010, Beirut, pp. 125-156