Before the Armenian Genocide: Danish Missionary and Rescue Operations in the Ottoman Empire, 1900-1914
Loading...
Date
2006
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը համառօտակի կը նկարագրէ համիտեան ջարդերու թողուցած արձագանգը Արեւմտեան Եւրոպայի, մանաւանդ՝ Դանիոյ մէջ: Այդ արձագանգը, զուգորդուելով գերմանացի կրօնաւորներու ականատեսի վկայութիւններուն, յառաջացուցին դանիական միսիոնարական առաքելութիւններ:
Ի տարբերութիւն ամերիկեան թէ գերման միսիոնարական շարժումներուն, դանիականը պետական նպաստ չունէր: Անոնց սկզբնական անփորձութիւնը զիրենք մղեց կապուելու գերմանական, ապա եւ ամերիկեան միսիոնարական շարժումներու:
Հուսկ, հեղինակը կ'անդրադառնայ դանիական միսիոնարական շարժումի ծաւալումին, կը մանրամասնէ Քարէն Եփփէի, Ենսին Էօրցի, Քրիսթա Համմէրի, Մարիա Եաքոպսընի եւ այլոց առաքելութեան կարգ մը երեսակները եւ թէ ինչպէս կարիքի հետեւանքով այդ առաքելութիւնները դաւանափոխական աշխատանքէ անցան որբանոցային, ուսումնական պարտականութիւններու: Պիորնլունտ կը շեշտէ կին միսիոնարներուն դերը՝ Ուրֆայի, Մալաթիոյ, Մամուրէթ ուլ Ազիզ-Խարբերդի մէջ, մանաւանդ համիտեան 1904ի թէ 1909 ջարդերուն ընթացքին եւ անկէ ետք՝ մինչեւ 1914:
Մեկնելով դանիացի միսիոնարներու տեղեկութիւններէն, հեղինակը կը հաւաստէ թէ 1909ի ջարդը աւելի ծաւալուն ծրագրուած էր քան այն՝ ինչ տեղի ունեցաւ:
Description
Keywords
Citation
Bjornlund, M., "Before the Armenian Genocide: Danish Missionary and Rescue Operations in the Ottoman Empire, 1900-1914", "Haigazian Armenological Review", 2006, Beirut, pp. 141-156