The Genocide of the Armenians - and our Silence
Loading...
Date
2011
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածը երկու մասէ կը բաղկանայ: Առաջին մասին մէջ հեղինակը համառօտակի կը քննարկէ-կը բնութագրէ Հայոց Ցեղասպանութիւնը՝ մեկնելով ՄԱԿի 1948ի ցեղասպանութեան սահմանումէն, հակաճառելով որ կարեւոր չէ թէ ինչու գործուած է ցեղասպանութիւնը, ինչ դրդապատճառներով, եւն.: Այնքան ատեն որ ժողովուրդ մը կամ անոր մէկ հատուածը ոչնչացնելու միտում մը ունեցած է այդ արարքը, ապա ան կը համարուի Ցեղասպանութիւն:
Յօդուածին երկրորդ մասով, Մեկլէ կը ջանայ արծարծել Հայկական Ցեղասպանութեան ճանաչման խնդիրը՝ ոճիրը գործողներուն անոնց մեղսակիցներուն եւ գործակիցներուն յետնորդներուն կողմէ: Այս առումով, կը նշէ որ քիւրտերը ճանչցած են իրենց մեղսակցութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան: Կայ նաեւ թուրք մտաւորականներու խումբ մը որ նման քայլերու դիմած է: Ասոնք սակայն, կը դիմագրաւեն վտանգներ, նոյնիսկ մահուան սպառնալիք, ինչպէս է պարագան Օրհան Փամուքի:
Հուսկ, հեղինակը կ'առանձնացնէ Գերմանիան, իբրեւ Ցեղասպանութեան առնչակից: Ան կը մատնանշէ որ Գերմանիոյ դպրոցական դասագիրքերուն մէջ Հայոց Ցեղասպանութիւնը կը ներկայացուի իբրեւ՝ «ողբերգական դէպքեր» ինչպէս է պարագան Թուրքիոյ կարգ մը դասագիրքերու: Հեղինակը կը շեշտէ որ Ցեղասպանութեան յետնորդները իրաւունքն ունին գիտնալու Ցեղասպանութեան մէջ իրենց նախնիքներուն դերակատարութեան մասին եւ այս առումով կը հաւաստէ որ Գերմանիոյ ճանաչումը հայկական Ցեղասպանութեան՝ կրնայ նպաստել Թուրքիոյ մէջ կեցուածքի բարեշրջման:
Description
Keywords
Citation
Meggle, George, "The Genocide of the Armenians - and our Silence", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp. 443-451