The Armenian Genocide on the International Agenda: The Case for Diplomatic Engagement
Loading...
Date
2012
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Ուսումնասիրութիւնը կը վերլուծէ Հայոց Ցեղասպանութեան հարցին յառաջացումը՝ իբրեւ միջազգային օրակարգի քաղաքական խնդիր: Ան լուսարձակի տակ կ'առնէ կառուցային պայմաններն ու տարբեր դերակատարներուն նպաստը՝ պետական եւ ոչ-պետական ոլորտներուն, ուր ձեւաւորուած են ճանաչման, հատուցման եւ հաշտութեան պահանջները: Ուսումնասիրութեան առաջնային վարկածը կը հաւաստէ, որ Ցեղասպանութեան հարցին միջազգային օրակարգ բերուիլը նախ արդիւնքն էր ե՛ւ Սփիւռքի ե՛ւ Խորհրդային Հայաստանի մէջ ազգային ինքնութեան պահպանութեան նկատառոմներու: Այդուհանդերձ, Հայաստանի անկախացումէն (1991) ետք, իբէեւ պետական քաղաքականութիւն, ան վերածուեցաւ խնդրայարոյց հիմնահարցի: Ուսումնասիրութիւնը կը քննարկէ Ցեղասպանութեան խնդրին հոլովոյթը՝ անկախութենէն ասդին, կ'ընդգծէ հարցին ռազմավարական եւ բարոյական երեսակները եւ անոնց հակասութիւնները վերացնելու մարտահրաւէրները, հուսկ՝ կը նպատակադրէ ապացուցել որ հարցին դիւանագիտական ստանձնումը՝ իբրեւ պետական քաղաքականութեան ուղեգիծ, անհրաժեշտութիւն է, եւ կրնայ բանաձեւուիլ իբրեւ Հայաստանի Հանրապետութեան պետական քաղաքականութեան եւ Սփիւռքի քաղաքացիական զօրաշարժի փոխ-լրացման տեսութիւն մը:
Description
Keywords
Citation
Derghougassian, K., "The Armenian Genocide on the International Agenda: The Case for Diplomatic Engagement", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 229-260