La Version Grecque D'une Traduction Latine (Du Grec!) Sur La Christianisation De L'Arménie
Loading...
Date
2012
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածը կ'ուսումնասիրէ յատուկ եւ հետաքրքրական պարագայ մը՝ Հայաստանի քրիստոնէացման պատմութեան աղբիւրներու առումով: Եւսերիոս Կեսարացիի Եկեղեցական Պատմութիւնին մէջ յիշատակութիւն մը կը կատարուի Դիոնիսիոս Աղեքսանդրացիի նամակին մասին, որ ուղղուած էր «Հայաստանի եղբայրներոն, որոնցմէ Մերուժանը եպիսկոպոսն է...» (Զ., XI.VI): Այս մասին քաջատեղեակ են հայագէտները:
Աղեքսանդրացիի ուսմունքներուն ակնարկելով, իր Liber de Viris Inlustribus երկին մէջ, Ս. Հիերոնիմիոս (St. Jerome) եւս յղում կը կատարէ «Հայերուն...» ուղղուած այս նամակին: Այս յղումը ընդհանրապէս չէ օգտագործուած հայագիտական ուսմանց մէջ: Անոր բովանդակութիւնը կը հաստատէ որ զայն պէտք է սերտել Մեծ Հայքի Խոսրով Ա. (Մեծ) թագաւորին հալածանքներուն ենթահողին վրայ:
Ս. Հիերոնիմիոսի վերոյիշեալ գրութիւնը թարգմանուած է շատ հաւանաբար իրեն ժամանակակից ոմն Սոփրոնիոսի կողմէ: Լատիներէնէ կատարուած այս յունարէն թարգմանութիւնը կը թուի իւրայատուկ ըլլալ Հայաստանի քրիստոնէացման պատմութեան առումով:
Ս. Հիերոնիմոսի բնագիրը վկայակոչուած է ԺԲ. դարուն՝ բենետիկտեան Հոնորիոսի կողմ:
Կը թուի թէ հեղինակին այստեղ հրապարակուող չորս հատուածներէն երեքը առաջին անգամ կը հրատարակուին՝ հայագիտական ուսմանց ծիրին մէջ:
Description
Keywords
Citation
Yevadian, M., "La Version Grecque D'une Traduction Latine (Du Grec!) Sur La Christianisation De L'Arménie", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 299-307