Memory, Postmemory, and Beyond: Tracing Trans-Generational Trauma in the Literary Works of Saroyan, Balakian, and Bohjalian
Loading...
Date
2015
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ'առնէ Հայոց Ցեղասպանութեան ընկալումը՝ ամերիկահայ առաջին եւ երրորդ սերունդի հեղինակներու գրական ստեղծագործութիւններուն մէջ:
Հեղինակը նախ կ'ընդգծէ Ուիլիըմ Սարոյեանի (1908-1981) հակադարձութիւնը Ցեղասպանութեան հանդէպ։ Ժամանակի առումով մօտ ըլլալով Ցեղասպանութեան դէպքերուն, ինչպէս նաեւ գլխաւորաբար կլանուած ըլլալով սփիւռքացումի եւ ձուլումի երեւոյթներով, Սարոյեան անկարող եղած է ամբողջութեամբ ըմբռնելու Ցեղասպանութեան պատճառած հոգեխոցը:
Ուսումնասիրութիւնը ապա կը սերտէ երրորդ սերունդի հեղինակ Փիթըր Պալագեանի (ծն. 1951) գրական երկերը, շեշտելու համար Հայոց Ցեղասպանութեան միջ-սերունդային ընկալման տարբերութիւնները: Հիմնուելով Մարիան Հիրշի վերյուշի տեսութեան վրայ, աշխատութիւնը կը խորանայ Պալագեանի բանաստեղծութիւններուն վերլուծութեան մէջ, օգտագործելով գիտական տեսութիւններ, որոնք գլխաւորաբար կը կիրարկուին Ողջակիզումի եւ այլ ազգերու Ցեղասպանութեան գրականութեանց սերտողութեան համար:
Կախարդական իրապաշտութեան տարրերու, ճաշի պատկերումներու, տարանջատումի, հոգեխոցի, երեւակայութեան եւ աքսորի ենթաշերտեր յայտնաբերելով Պալագեանի բանաստեղծութեան մէջ, սոյն ուսումնասիրութիւնը կը միտի վերհանել թէ ինչպէս Ցեղասպանութեան վերյուշի գիտակցականութիւնը վերականգնուած է անոր երկերուն մէջ:
Ուսումնասիրութիւնը նաեւ կ'օղակէ Պալագեանի սոյն անդրպատմական (Ցեղասպանութեան վերյուշի) հոգեխոցը անոր անմիջական հոգեխոցին՝ Սեպտեմբեր 11ի ողբերգութեան:
Վերլուծութիւնը քայլ մը եւս յառաջանալով կ'անցնի վերյուշի ոլորտը եւ լոյս կը սփռէ պատմողական արձակի ունեցած լիցքաթափային դերին վրայ՝ Քրիս Պոհճալեանի (ծն. 1962) վէպին ընդմէջէն:
Հուսկ, ուսումնասիրութիւնը ճամփայ կը հարթէ ամերիկահայ չորրորդ սերունդի գրականութեան մէջ Ցեղասպանութեան հոգեխոցին ընկալման վերլուծութեան ու կը հարցադրէ, թէ արդեօ՞ք այնտեղ անդրյուշը արդէն սկսած է դրսեւորուիլ:
Description
Keywords
Citation
Moutchoyan, A., "Memory, Postmemory, and Beyond: Tracing Trans-Generational Trauma in the Literary Works of Saroyan, Balakian, and Bohjalian", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 429-490