Turkish Falsehoods concerning the Armenian Genocide Selected Documentary Evidence
Loading...
Date
2015
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը լուսարձակի տակ կ'առնէ Փետրուար 2014էն սկսեալ Թուրքիոյ բարձրագոյն պաշտօնատարներու կոչերը Արեւմտեան Աշխարհին չընդառաջելու Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակին առնչութեամբ առնուելիք քայլերուն։ Ան կ'առանձնացնէ այդ կոչերուն հիմք ծառայող թրքական առարկութիւնները՝ չգործուած ցեղասպանութիւն մը ճանչնալու, օսմանեան արխիւներու մէջ ցեղասպանական արարքը հաստատող փաստաթուղթերու չգոյութեան, օսմանեան արխիւներու մատչելիութեան եւ ընդհակառակը Հայաստանի արխիւներուն անմատչելիութեան եւն.:
Հաւաստելով, որ բերուած թրքական առարկութիւնները սխալ ու կեղծ են, Մսըրլեան կը բերէ օսմանեան, գերմանական, աւստրիական, դանիական, իտալական եւ ամերիկեան արխիւային փաստաթուղթերէ փաստարկներ՝ հերքելով թրքական յայտարարութիւնները։ Մսըրլեան յստակ ակնարկութիւններ կը կատարէ նաեւ կարգ մը արխիւային փաստաթուղթերու ոչնչացման մասին, վկայակոչելով փճացման գործողութեանց փաստացի աղբիւրները։ Ապա ան կը բերէ նաեւ ատենի արեւմտեան մամուլէն հատուածներ եւ այս բոլորին վերլուծումով կ'ընդգծէ թրքական պետական ժխտողական քաղաքականութեան անհիմն ու ստապատիր ըլլալը:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Turkish Falsehoods concerning the Armenian Genocide Selected Documentary Evidence", "Haigazian Armenological Review", 2015, Beirut, pp. 559-572