A Reflection of the Constitutional Ramgavar Youth's Political Thinking During 1912-1913 Via Istanbul-Based Veradzenunt
Loading...
Date
2018
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
1912ին, իր հիմնադրութենէն քանի մը ամիս ետք, Հայ Սահմանադիր Ռամկավար Կուսակցութեան Համալասարանական Միութիւնը սկսաւ հրատարակել իր պաշտօնական օրկանը՝ Վերածնունդ ամսագիրը Պոլսոյ մէջ: Պարբերաթերթին կ'աշխատակցին արեւմտահայ երիտասարդ մտաւորականներ, ինչպէս՝ Ռուբէն Կամսարական, Լեւոն Աճէմեան, Արմենակ Հայկունի, Յովհաննէս Պօղոսեան, Միքայէլ Նաթանեան:
Հեղինակը օգտագործելով Վերածնունդը իբրեւ սկզբնաղբիւր՝ կը ներկայացնէ քիչ ուսումնասիրուած հայ սահմանադիր ռամկավար երիտասարդութեան քաղաքական միտքը եւ անոր որդեգրած դիրքը օսմանեան հայրենիքին թէ՛ ներքին եւ թէ՛ արտաքին քաղաքական իրադարձութիւններուն հանդէպ, «օսմանցիութեան» գաղափարախօսութեան եւ՝ սահմանադրութեան հանդէպ:
Միաժամանակ, յօդուածը լուսարձակի տակ կ'առնէ սահմանադիր ռամկավարներու ըմբռնումները հայ ազգային կեանքին նկատմամբ:
Description
Keywords
Citation
Torosian, B., "A Reflection of the Constitutional Ramgavar Youth's Political Thinking During 1912-1913 Via Istanbul-Based Veradzenunt", "Haigazian Armenological Review", 2018, Beirut, pp. 633-640