Diaspora in Armenia: Immigration and Political Integration of Syrian Armenians

Loading...
Thumbnail Image
Date
2023
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածը կ'ուսումնասիրէ հայրենիք տեղափոխուած սուրիահայերու համարկումը Հայաստանի քաղաքական մշակոյթին՝ ի մասնաւորի անոնց մասնակցութիւնը Հայաստանի քաղաքական տարբեր իրադարձութիւններուն: Քաղաքական համարկումը մեծ դեր կը խաղայ գաղթականներու եւ ընդհանրապէս այլ երկիր տեղափոխուած անձանց նոր միջավայրի եւ նոր մշակոյթի ամբողջական ընդգրկման գործընթացին մէջ: Յօդուածը կը փորձէ սահմանել քաղաքական համարկումը եւ բացատրել գործօնները որոնք ուղղակի եւ անուղղակիօրէն կ'ազդեն քաղաքական համարկումի գործընթացին: Հետազօտութիւնը կ'ուսումնասիրէ սուրիահայերու մասնակցութիւնը Սուրիա տեղի ունեցած տարբեր քաղաքական իրադարձութիւններու եւ կը համեմատէ անոնց մասնակցութիւնը նոյնանման կամ այլ քաղաքական իրադարձութիւններու՝ Հայաստանի մէջ: Հետազօտութեան երկրորդ մասը կը ներկայցնէ տեղաբնիկ հայաստանցիին մօտեցումը սուրիահայերու քաղաքական ընդգրկման եւ մասնակցութեան հարցին: Հարցախոյզի եւ հարցազրոյցներու արդիւնքներուն հիման վրայ, կարելի է հաստատել, որ սուրիահայերը աւելի գործուն են Հայաստանի մէջ քաղաքական գետնի վրայ, քան էին Սուրիոյ մէջ: Քաղաքական մշակոյթի տարբերութիւնը, ինչպէս նաեւ կեանքի ընդհանուր պայմանները մեծ դեր կը խաղան անոնց՝ քաղաքական ընդգրկման գործընթացին մէջ:
Description
Keywords
Citation
Karamanoukian, M. A., "Diaspora in Armenia: Immigration and Political Integration of Syrian Armenians", "Haigazian Armenological Review", 2023, 43/1, Beirut, pp. 171-202
DOI
Collections