The Armenian Apostolic Church in Musa Dagh, 1919-1939
Loading...
Date
2023
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Մուսա Լեռան Հայ Առաքելական եկեղեցին, դժուար բարեկարգուեցաւ 1863էն՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ Ազգային սահմանադրութեան հաստատումէն ետք: Եկեղեցիին ենթակայութեան իրաւասութիւնը անորոշ մնաց - Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան ու Երուսաղէմի պատրիարքութեան միջեւ - մինչեւ 1932, երբ Մուսա Լեռը իվերջոյ ունեցաւ իր թեմը, Անտիոք նստավայրով, եւ գործեց Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան իրաւասութեան ներքոյ: Մուսա Լեռան 6 գիւղերուն եկեղեցիները դժուարութիւններ ունեցան միջպատերազմեան՝ 1919-39 շրջանին, պարբերաբար կրօնաւորի բացակայութեան, թէ անոնց մարդկային տկարութեանց պատճառով: Մանաւանդ դուրսէն պաշտօնակոչուածները չկրցան տեղական պայմաններուն յարմարիլ, եւ կաթոլիկութեան փոքրաթիւ յարումներ եղան: Բայց, քաղաքականութիւնը փոքր դեր մը խաղաց կրօնական կեանքը ընդհատելու եւ - որոշ կանոնաւորութեամբ - թաղականութիւններ կազմուեցան: 2 գիւղերու պսակի, մկրտութեան եւ թաղման արձանագրութիւնները, որոշ լոյս կը սփռեն մուսալեռցիները այդ երեսակներուն վրայ: Դժբախտաբար, այդ տուեալները ընդհատումներ ունին, իսկ միւս չորս գիւղերուն արձանագրութիւնները ցարդ անգտանելի են:
Մուսալեռցիներու մեծամասնութիւնը վերաբնակելով Այնճար, 1939ին, անմիջապէս վերականգնեց իր կրօնական կեանքը: Այդուհանդերձ, գաղթականներուն չքաւորութեան պատճառով, Ս. Պօղոս առաքելական եկեղեցին կառուցուեցաւ անոնց հաստատուելէն շուրջ երկուտասնամեակ ետք: Իսկ Մուսա Տաղ մնալ ընտրած փոքրաթիւ հայերը, շարունակեցին իրենց կրօնական աղօթքները Վաքըֆի Ս. Մարիամ Աստուածածին եկեղեցիին մէջ: Մուսա Տաղի միւս եկեղեցիները կա՛մ մզկիթներու վերածուեցան, իսլամ նորաբնակներուն կողմէ, կա՛մ քանդուեցան, կամ - մէկ եկեղեցիի պարագային - արաբ քրիստոնեայ ընտանիք մը գնեց զայն ու անվնաս կը պահպանուի:
Description
Keywords
Citation
Shemmassian, V., L., "The Armenian Apostolic Church in Musa Dagh, 1919-1939", "Haigazian Armenological Review", 2023, 43/2, Beirut, pp. 277-320