The Persistence of Misleadign Western Narratives in 20th Century Rug Scholarship
Loading...
Date
2023
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածը կ'անդրադառնայ Հայոց Ցեղասպանութենէն ետք արեւելեան գորգարուեստին մէջ հայկական ազդեցութեան շուրջ գիտական փաստագրութեան դիմափոխումին: Ան կը բացատրէ, թէ ԺԹ. դարուն, արեւելեան գորգարուեստին վրայ հայկական ազդեցութեան փաստը գիտական շրջանակներու կողմէ ընդունուած էր ամէնուրեք: Սակայն Ի. դարուն եւ Հայոց ցեղասպանութենէն անմիջապէս ետք, շրջադարձ մը կատարուեցաւ եւ նոր պատում մը յառաջացաւ, ուր լուսարձակի տակ առնուեցաւ ԺԲ. դարէն սկսեալ Կեդրոնական Ասիայէն Փոքր Ասիա ներխուժող ու հաստատուող թուրք թափառաշրջիկ ցեղախումբերու կողմէ իբր թէ գործուած գորգերու ազդեցութիւնը: Յիրաւի, հայկական նպաստը վերագրուեցաւ ասոնց, անտեսումի ու մոռացումի մատնելով հայութեան նպաստը գորգագործութեան:
Յօդուածը կը հակադարձէ այս պատումին եւ իբրեւ օրինակ կը բերէ արեւելեան գորգերու վրայ յաճախ գործուած երեք՝ խեչաբարի, 'տերեւ ու բաժակ'ի (կամ գինեբաժակի եզերքի) ու թալիշեան վարդակի զարդանախշերը: Հեղինակը կը քննէ ու կը վերլուծէ ասոնք եւ ասոնց աղբիւրները կը մատնանշէ ուրարտական ու վաղմիջնադարու հայկական մշակութային այլեւայլ դրսեւորումներու մէջ:
Description
Keywords
Citation
Tavukciyan, A., "The Persistence of Misleadign Western Narratives in 20th Century Rug Scholarship", "Haigazian Armenological Review", 2023, 43/2, Beirut, pp. 439-448