Street Names in Yerevan and their Effect on National Identity

Loading...
Thumbnail Image
Date
2024
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածը կը քննարկէ փողոցներու եւ հանրային հրապարակներու, զբօսավայրերու անուանափոխութեան ընթացքը, պատճառները եւ անուններուն ազդեցութիւնը ազգային ինքնութեան վրայ: Հեղինակը կը նշէ թէ փողոցներու անուանափոխութիւն տեղի կ'ունենայ երբ նոր վարչակարգ մը իշխանութեան անցնի: Նոր իշխանութիւնը կը ջանայ առկայ տարբեր ձեւերով իր գաղափարախօսութիւնը հաստատել ու տարածել բնակչութեան վրայ: Այս նպատակին հասնելու միջոցներէն կը նկատուի փողոցներու, հրապարակներու, հանրային վայրերու եւ զբօսավայրերու անուանափոխութիւնը: Հեղինակը ապա կ'անդրադառնայ Հայաստանի Գ. Հանրապետութեան հռչակումէն ետք կատարուած Երեւանի կարգ մը փողոցներու անուանափոխութեան: Ան կը հարցապնդէ տուեալ փողոցներու բնակիչներ եւ կը կատարէ եզրակացութիւններ, որոնք կը վերաբերին բնակիչներուն՝ իրենց բնակած փողոցներուն անուանատիրոջ մասին իրենց ունեցած գիտելիքին: Հեղինակը կը ջանայ նաեւ փոխկապակցութիւններ գտնել օտարանուն, մշակութային կամ զինուորական դէմքերու անուններ ունեցող փողոցներուն եւ համապատասխան բնակիչներուն պատասխաններուն միջեւ: Հուսկ, հեղինակը կը հաւաստէ թէ ուսումնասիրութիւնը կարիքն ունի ներգրաւելու աւելի մեծ թիւով հարցապնդուողներ, որպէսզի կարելի ըլլայ աւելի հիմնաւոր եզրակացութիւններ կատարել:
Description
Keywords
Citation
Abrahamian, S., "Street Names in Yerevan and their Effect on National Identity", "Haigazian Armenological Review", 2024, 44/1, Beirut, pp. 213-230
Collections