The Viennese Armenians in the War of the Holy League (1683-1699)

Loading...
Thumbnail Image
Date
2025
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Ուսումնասիրութիւնը լուսարձակի տակ կ՛առնէ վիեննաբնակ հայերու մասնակցութիւնը Օսմանեան կայսրութեան դէմ Եւրոպայի Սուրբ Դաշնութեան ուժերու 1683-99 շրջանին մղած պատերազմներուն։ Հեղինակը կը քննարկէ չորս պատճառներ՝ վիեննաբնակ հայերու աջակցութեան.- ա) անոնք կը հալածուէին եւ խորթ կը նկատուէին վիեննայի մէջ եւ հետեւաբար ստիպուած էին առնել այնպիսի քայլեր, որոնք զիրենք անփոխարինելի եւ ազդեցիկ կը դարձնէին Վիեննայի պալատական միջավայրին մէջ, բ) ընդառաջեցին վտանգալից պահանջքներու, որպէսզի չարտաքսուին երկրէն կամ չձերբակալուին, եւ կազմեցին ընդյատակեայ ցանց մը, գ) խոստացուեցան առատապէս պարգեւատրուիլ՝ իրենց վտանգալից առաքելութեան համար, դ) որովհետեւ կաթոլիկ հաւատքին դէմ ընդհանրական թշնամիին դէմ պիտի պայքարէին։ Հեղինակը կ’ընդգծէ թէ այս անձերը փախստականներ էին՝ Օսմանեան կայսրութեան մէջ, 1590-1610ականներուն բռնկած ճելալիներու ըմբոստութեան եւ յաջորդող ջարդ ու կողոպուտներէն, որոնք մեծ վնասներ պատճառեցին Փոքր Հայքի, մանաւանդ Սվազ-Թոքաթ-Ամասիա շրջանի հայութեան։ Ան կու տայ անունները ընդյատակեայ այս ցանցի անդամներուն, կը նշէ անոնց գործունէութեանց բնոյթը, կը բացայայտէ անոնց անցեալը եւ կը ներկայացնէ խորքը ժամանակին, Եւրոպա Օսմանեան կայսրութիւն յարաբերութեանց, ինչպէս նաեւ հայ իրականութեան։
Description
Keywords
Citation
Breu, J., "The Viennese Armenians in the War of the Holy League (1683-1699)", "Haigazian Armenological Review", 2025, 45/1, Beirut, pp. 233-257
Collections