Tracé de Monuments Anciens Autour du Bassin de la Mediterranne et en Armenie
Loading...
Date
1970
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Անցեալին՝ ծանօթ Վիթրիվիուս ճարտարապետը կը յայտնէ թէ հռոմէական ամփիթատրոններու յատակագիծները համադրելու համար կը գործածուէին երկու հաւասարակողմ եռանկիւններ՝ շրջանակի մը մէջ ներգծուած. A գծանկարը, տիակրամ:: Իսկ յունական ամփիթատրոններու յատակագիծներուն համար կը գործածուէին քառակուսիներ՝ շրջանակին մէջ ներգծուած, B տիակրամը:
Մեր ներկայ ուսումնասիրութիւնը ցոյց կու տայ թէ վերոյիշեալ գծանկարները գործածուած էին նաեւ հելլենիստական եւ հռոմէական դամբաններուն mausolée յատակագիծները գծելու համար. օրինակ՝ Տիոքլեսիանոսի դամբարանը:
Այս սովորութիւնը կ'անցնի Կոստանդիանոս կայսրին շինել տուած շրջանակաձեւ, բազմանկիւն եւ աստղաձեւ դամբարան-մատուռներու եւ եկեղեցիներու ընդմէջէն: Այս շարունակուած է նաեւ Միջերկրականեան աւազանին շուրջ
գտնուող Բիւզանդական երկիրներու, Միջնադարեան Արեւմուտքին, ինչպէս նաեւ Արաբական ճարտարապետութեան մէջ մինչեւ ԺԲ. դար:
Հայերը սերտ յարաբերութիւններ հաստատած ըլլալով ժամանակակից մշակութային կեդրոններու հետ, որդեգրած եւ գործածած են անոնց մեթոտները եւ Է. դարուն բարեփոխելու՝ ստեղծած են հետեւեալ կոթողները. Բագարան, Մաստարա, Զուարթնոց, Հռիփսիմէ, Իրինտ եւ Հովիւի եկեղեցիները: Անոնց կառուցման համար գործածած են A կամ B գծանկարները, իւրաքանչիւրը առանձինն կամ երկուքը՝ միատեղ:
Բոլոր ժամանակներու մէջ, երկրաչափական այս գծանկարներու գործածութիւնը օգնեց գեղեցիկ համաչափութիւններ որոնելու եւ յատակագիծներու զանազան մասերէն նաեւ միութեան կապեր յառաջ բերելու: Անոնք երբեք չսահմանափակեցին արուեստագէտին ստեղծագործական թռիչքը: Հետեւաբար, կառուցուած ճարտարապետական գլուխ գործոցներուն մէջ օգտագործուած ըլլալով հանդերձ նոյնանման համադրական միջոցները, հարազատօրէն կը ցոլացնեն յղացող ժողովուրդին ստեղծագործական կարողութիւնը եւ կը վկայեն անոր ճաշակին նրբութեան մասին:
Description
Keywords
Citation
Paboudjian, P., "Tracé de Monuments Anciens Autour du Bassin de la Mediterranne et en Armenie", Haigazian Armenological Review, 1970, Beirut, pp. 118-171