Marino Sanuto «Il Vecchio», Detto Torsello (ca. 1270 - ca. 1343) e Gli Armeni di Cilicia Qualche Informazione
Loading...
Date
1993
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը Վենետիկի Հանրապետութեան իշխանաւորներէն է։ Ան պատրաստած է կոթողային ուսումնասիրութիւն մը, որուն նպատակն էր խաչակրութիւն մը կազմակերպել Եգիպտոսի Սուլթանին դէմ, ազատագրելու համար Ս. Երկիրը։
Հեղինակը ապրած է 1270-1343-ի շուրջ:
Խաչակրութեան ծրագրին քաղաքական եւ զինուորական երեսները ներկայացնելէ ետք, Մարինոյ Սանութոյ Թորսելլոյ նկատի առած է նաեւ խաչակրութեան հանդէպ արեւելքցի ժողովուրդներուն կարելի հակազդեցութիւնները, որոնց մէջէն անցնելու էին խաչակիր զօրքերը հասնելու համար Եգիպտոս։
Այս առթիւ է, որ հեղինակը կ'անդրադառնայ նաեւ Կիլիկիոյ հայ թագաւորութեան, կը նշէ հոն ապրող ժողովուրդին կրօնական դաւանանքը, ծոմապահութեան օրէնքները, հայկական տօնացոյցի իւրայատկութիւնները, Կաթողիկոսին վայելած բացառիկ վարկը, եւն.: Այս բոլորը դիտուած են եւրոպացիի կողմէ եւ, պէտք է ըսել, արտայայտուած՝ բաւականին ճշգրտութեամբ։
Description
Keywords
Citation
Pellegrino, M., Roncaglia, S., "Marino Sanuto «Il Vecchio», Detto Torsello (ca. 1270 - ca. 1343) e Gli Armeni di Cilicia Qualche Informazione", Haigazian Armenological Review, 1993, Beirut, pp. 227-231