The Armenians in Post WWI-Turkey (1919-1938)
Loading...
Date
1995
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Առաջին Համաշխարհային Պատերազմի աւարտին, արեւմտահայութեան մնացորդային մեծ մասը վերադարձաւ իր պապենական հողերը փայլուն ապագայի երազներ հիւսելով։ Սակայն դէպքերու ընթացքը ունեցաւ թրքանպաստ զարգացում եւ արեւմտահայութիւնը, իր կիլիկեան թեւով, դարձեալ մատնուեցաւ բռնագաղթի:
Այսուհանդերձ, հայութեան մէկ մասը շարունակեց կառչած մնալ իր հողին եւ գոյատեւեց՝ հակառակ թրքական տեղահանութեան խորշակներուն:
Ներկայ ուսումնասիրութիւնը (որուն առաջին մասը կը հրատարակուի այստեղ) կը ներկայացնէ իր հողերուն կառչած մնացած այդ հայութեան ճակատագիրը:
Կը ներկայացուի Անատոլուի (Վան, Պիթլիս, Մուշ, Սասուն, Կարս, Երզրում, Երզնկա, Դերջան), Տիգրանակերտի եւ իր շրջակայքի, Խարբերդի եւ իր շրջակայքի (Արաբկիր, Մալաթիա, Ակն, Տիւրիկ) եւ Սեբաստիոյ ու շրջակայքի (Ամասիա, Մարզուան, Թոքատ) ու յարակից գիւղերու հայութեան կեանքը - ընկերային, տնտեսական, կրօնական, ուսումնական, կենցաղային երեսակներով. յատուկ ուշադրութիւն կը դարձուի անոնց թուաքանակին եւ դիմագրաւած դժուարութիւններուն, ուրկէ ի յայտ կու գայ թրքական հանրապետութեան քաղաքականութիւնը՝ ամէն միջոցներով նսեմացնելու, ոչնչացնելու հայութեան այս մնացորդացը:
Թուրք տեղական իշխանութիւնները կը բռնագրաւեն եկեղեցապետական կալուածները, որոնց եկամուտը կ'ապահովէր հայ այս խլեակներուն վարժարաններուն պահպանումը. ապա իշխանութիւնները կը դիմեն զինուորագրութեան եւ զէնքի տակ կը կանչեն նոյնիսկ հայ ուսուցիչները, արհեստական դժուարութիւնները կը յարուցանեն հայ կղերին դիմաց, անդարձ մեկնելու վեսիքաներ կը յանձնեն հայերուն եւ կ'արտաքսեն զանոնք իրենց պապենական հողերէն:
Description
Keywords
Citation
Dakessian, A., "The Armenians in Post WWI-Turkey (1919-1938)", "Haigazian Armenological Review", 1995, Beirut, pp. 401-431