Armin Theophil Wegner : Armenophile 1886 - 1978
Loading...
Date
1995
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հպանցիկ ակնարկ մը ետք գերման Արմին Թեոֆիլ Վեկնէրի կեանքին ու գործունէութեան վրայ՝ Դոկտ. Սըմաան կը փորձէ շեշտը դնել բանաստեղծ, արձակագիր, վիպագիր, ընկերային գործիչ Համաշխարհային Առաջին Պատերազմի ընթացքին Օսմանեան Կայսրութեան սահմաններէն ներս մարդկութեան ծառայելու մեկնած մարդուն վրայ, վերիվայրումներով առլի կեանք մը, որ մնաց ենթակայ ո՛չ միայն պատերազմի ընթացքին իր ապրած ցնցումներուն եւ յուշերուն, որոնք իրն եղան ահաւորութենէն Հայկական Տասնհինգին՝ այլ նաեւ այն ճնշումներուն եւ հալածանքներուն, որոնք իր բախտակիցներէն շատերուն հետ վիճակուեցան իրեն երեսունական թուականներու Երրորդ Ռայխի ստեղծած մութ ազգայնականութեան եւ մոլեռանդ ու թթու ցեղապաշտութեան շնորհիւ: Ինչպէս բազմաթիւ գերման գրողներուն եւ արուեստագէտներուն գործերը` իրեններն ալ դարձան հրոյ ճարակ եւ ինքն ալ ուրացուեցաւ փողոցի տականքին եւ նացիականութեան կերտած եւ յառաջացուցած պիղծ ցեղամոլներու եւ գտարիւն արիականութեան յաճախանքեն վարակուած մարդկային խեշերանքին նախճիրային իմաստակութենէն եւ առ այդ ճաշակեց չորն ու չարը կեդրոնացումի կայաններուն: Այսուհանդերձ՝ Համաշխարհային Երկրորդ Պատերազմի աւարտէն ետք անիկա մերժեց մնալ սահմաններէն ներս իր հայրենական հողերուն եւ անցաւ Հռովմ, ուր անցուց մնացեալ մասը կեանքին: Վերիվայրումներով, ահաւոր ցնցումներով եւ փեռեկտումի ենթարկուած մարդու իր հոգիով եւ առօրեայով, սակայն, Վեկնէրը մնաց պինդ ու զօրաւոր հաւատաւորը մարդկային եւ անհատին արժէքներուն, եւ արտայայտչապաշտ քերթողի իր էջերուն մէջ դրսեւորեց մարդկայնական այն ոգին, որ իրն էր եղած Հայկական Տասնհինգի օրերուն իսկ։ Նկարագրային գիծի մը վերածուած այս մարդկայնականութիւնը, որ կը մատչի մարդասիրութեան՝ քալեց իրեն հետ կեանքի իր բոլոր արահետներուն վրայ եւ մինչեւ աւարտն իր կեանքի օրերուն:
Իր գործերէն բազմաթիւներ եղան դրսեւորումը հայու տառապանքին եւ արիւնումին. անհատական եւ ընկերային իր կեանքէն նե'րս ալ անիկա եղաւ իր հայրենակիցներուն մէջ այն շա՛տ քիչերէն, որոնք գիտցան զանազանել իրաւն ու արդարը եւ զանոնք վեր դասել իրենց պետականութեան քաղաքականութեան անբարոյութենէն, եւ առ այդ ձայն բարձրացնել հոն ուր անհրաժեշտ էր։
Քաջ ու խիզախ, եւ ճշմարտութեան եւ մարդկային արժէքներու խօսնակ այս գրողն էր, որ ի վերջոյ, որ մըն ալ հրաւիրուեցաւ Էջմիածին՝ ստանալու համար գերագոյն գնահատանքը, զոր Հայ Եկեղեցին կրնար տալ որեւէ մէկուն: Հո՛ն էր որ Վազգէն Ա. Վեհափառին հետ ունեցած մտերիմ զրոյցէ մը ծնունդ առաւ գաղափարը երկնումին հայու տառապանքին արժանի քանի մը գործերու: Ահաւասիկ, Արմին Թեոփիլ Վեկնէրի հայութեան հետ աղերսուող կարգ մը այլ գործերու կարգին՝ Դոկտ. Ինկրիտ Սըմաանը կը մատչի հիմնական երկու այն գործերուն, որոնցմէ տասը նուագեայ դիւցազներգութիւն մըն է առաջինը՝ Տաս Արմենիշէ Թոթենլիյտ խորագրով, եւ վէպ մը երկրորդը` Տի Աուաթրայբունգ վերնագիրով, որոնք յաջորդաբար կը հիւսուին Միհրան Եւ Ադամ անունով պատանի երկու հայորդիներու շուրջ:
Դժբախտաբար, սակայն, անոնցմէ երկուքն ալ մնացին թերաւարտ, եւ հազիւ թէ անոնցմէ փոքր հատուածներ եւ փոքր ամփոփումներ հասան մամուլի բարիքին. ըստ Դոկտ. Սըմաանին՝ Վեկնէր չկարողացաւ ամբողջացնել զանոնք՝ պարզօրէն անոր համար անցնող տարիները շատ բան էին փոխած իրմէ ներս. առ այդ յօդուածին հեղինակը կ'եզրակացնէ, թէ «մինչ այդ անիկա ծերացեր էր եւ յոգներ, եւ կեանքի հանդէպ փոխուեր` իր կեցուածքը։ Աճեր էր քանակը ձեռագիրներու էջերուն, որոնք պէտք ունէին յօտումի: Հիմնականին մէջ վիպագիր մը չէր աչքառու պատկերներու արտայայտչապաշտ բանաստեղծ Վեկնէրը, որ ինքզինք նետեր էր սխալ գործի մը։ Անշուշտ Վեկնէր ի՛նքն իսկ գիտակ էր այս հարցերէն ոմանց: Յաճախ կը կրկնէր ինքզինքին. «Կրճատէ՛, կրճատէ՛, կրճատէ՛ - ա՛յս է հիմնական հարցը». սակայն ի զուր: Անիկա գիտէր, որ բանաստեղծի իր երէկը զինք վատ էր պատրաստած վէպի բարդ կառոյցին հետ վարուելու համար, մինչդեռ Պալզաքն ու Թոլսթոյն վարուեր էին անոր հետ այդքա՛ն հեզասահ կերպով։ Գուցէ անիկա կը զգայ նաեւ, որ իրեն դաւաճաներ էր իր բարեկամը՝ Ֆրանց Վերֆէլը, որուն Մուսա Տաղի Քարասուն Օրերը վէպն եղեր էր մեծ յաջողութիւն մը: Վեկնէր կը խորհէր թէ իր բարեկամն իրմէ խլեր էր նիւթը։ Դաւաճանութեան շեշտ մը կար հայերուն մօտ նաեւ` կը մտածէր Վեկնէր:
Անոնք պարզօրէն շա՛տ էին խանդավառ Վերֆելի վեպի իրենց գովեստին մէջ։
Դոկտ. Ինկրիտ Սըմաանի ուսումնասիրութիւնը լուսամուտ մըն է Արմին Թեոֆիլ Վեկնէրի գրականութեան հայութեան հետ առընչուող հատուածին վրայ բացուող, իսկ անոր յաջորդող գերմաներէն եւ անոր անգլերէն թարգմանուած հատուածները յաւելո՛ւմ մը գերման բանաստեղծին ներքին աշխարհին լաւագոյնս ճանաչումի ճամբուն վրայ։
Description
Keywords
Citation
Semaan, I., L., "Armin Theophil Wegner : Armenophile 1886 - 1978", "Haigazian Armenological Review", 1995, Beirut, pp. 433-482