The Faith and Practice of the Armenian Evangelical Church

Loading...
Thumbnail Image
Date
1996
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հայ Աւետարանական Շարժումը որ հիմնականին մէջ սկսաւ որպէս կրօնական շարժում կը ներկայացնէր թէ Քաղաքական Բարեկարգումի եւ յետագայ կրօնական շարժումներու եւ թէ ալ Հայ Առաքելական Եկեղեցիի աւանդութիւնները, սակայն Ժամանակի ընթացքին էր որ անիկա իւրացուց մէկ մեծ մասը Քաղաքական Շարժումի ուսուցումներուն, սկզբունքներուն եւ աստուածաբանութեան։ Այսպէս էր որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիի Հաւատամքի Յայտարարութիւնը որ կը բաղկանար 12 կէտերէ եւ ձեւով մը պատասխանն էր Չուխաճեան Պատրիարքին հաւատքի Նոր Հանգանակին՝ հաստատեց շատ մը կէտերը Հայ Եկեղեցիի սկզբունքներուն, այսուհանդերձ` մերժեց նաեւ կարգ մը ուրիշներ, որոնց հիմնականները մնացին Եօթը Խորհուրդները։ Անոր համար անփոխարինելի մնաց հաւատքով փրկութիւնը։ Ժամանակի անցքին հետ, սակայն, Հայ Աւետարանական Եկեղեցին մեծապէս ազդուեցաւ բողոքական աատուածաբանութենէն, եւ հակառակ որ անիկա յայտարարեր էր որ չէր միտեր նոր եկեղեցի մը հաստատել՝ 1855ին ընդունեցաւ Ամերիկեան Բողոքական Միսիոնարութեան կողմէ պատրաստուած սահմանադրութիւն մը՝ Առաջնորդ Աւետարանական Եկեղեցւոյ Անդամներունը, որ շեշտը կը դնէր հաւատքով փրկութեան վրայ։ Հակառակ հայ աւետարանական եկեղեցիներու արտաքնապէս բաժանուածութեան՝ անոնց բոլորն ալ ունին հիմնական որոշ արժէքներ եւ սկզբունքմեր, որոնց կը հաւատան անոնք եւ որոնք զանոնք կը զօդեն իրարու։ Այժմ անոնցմէ կարելի է նշել «լոկ հաւատքով փրկութիւնը», «բոլոր հաատացեալներու քահանայութինը», «քրիստոնեաներուն ազատութիւնը», «կոչումի գաղափարը» եւ «Աստուածաշունչի բաւարարութիւնը»։ Այս բոլորէն ետք՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հիմնուած կը մնայ պաշտամունքի գաղափարին վրայ. այս մէկը մատչում մըն է Աստուծոյ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին չ'ընդունիր պաշտամունքի դասաւորուած դրութիւն մը, սակայն ժամանակի ընթացքին յառաջացուցեր է որոշ ընթացք մը պաշտամունքի, որ կը սկսի երաժշտական նախերգանքով մը. այս մէկը նախապատրաստութիւն մըն է անհատական պաշտամունքի եւ կեդրոնացումի, անկէ ետք իրարու կը յաջորդեն պաշտամունքի կոչը, հոգեւոր երգեցողութիւնը, զանազան բովանդակութեամբ աղօթքները, Սուրբ Գրային ընթերցումները, Աստուածաշունչէն կատարուող փոխասացութիւնները եւ փոխընթերցումները, միասնական ընթերցումը Առաքելական Հանգանակին, եւ փառաբանանքին, երգեցողութիւնները եւ այլազան ընթերցումներ: Այս բոլորը ցոյց կու տան, որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին պաշտամունքը ճկուն է, պարզ եւ ուղղակի ի հակադրութիւն կազմակերպուած եւ պաշտօնական արարողութեան, եւ կ'օգտագործէ աշխարհաբարը` փոխան գրաբարի: Հայ Աւետարանական որեւէ եկեղեցիի ղեկավարը որ հովիւ մըն է ունի որոշ պարտաւորութիւններ եւ պարտականութիւններ, անիկա կը քարոզէ, կ'ուսուցանէ, կը ղեկավարէ եւ կ'առաջնորդէ, հովուական այցելութիւններ եւ գործեր կը կատարէ, եւ կը նուիրուի միջեկեղեցական եւ միջկրօնական յարաբերութիւններու եւ պարտականութիւններու։ Այս բոլորէն անկախ, սակայն, պէտք չէ մտահան ընել, որ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին կը պատկանի ազգային հաւաքականութեան մը, եւ պայմաններու իսկ բերումով՝ ունի բազմաճիւղ եւ բազմածաւալ հաւատարմութիւն՝ ինչպէս հայութիւնն ի՛նք, եւ առ այդ անիկա կը պատկանի ո՛չ միայն համայնքային որոշ դրութեան մը այլ նաեւ ագգային: Այս իրականութիւնն իսկ կը պարտաւորեցնէ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին եւ համայնքը որ նուիրուին հայկական ժառանգին պահպանումին եւ յաւերժացումին։ Անհրաժեշտ է որ անիկա չհեռանայ իր արմատներէն եւ պատկանելիութեան գիտակցութենէն, եւ չտկարանայ։ Հովուութիւնը, սակայն, պարտքն է ամբողջ եկեղեցիին, եւ առ այդ եկեղեցիին առաքելութիւնը պարտականութիւնն է անոր բաղկացուցիչ բոլոր տարրերուն, ահա թէ ինչո՞ւ համար հայ աւետարանական դրութեան մէջ հովիւ մըն է պարզագոյն անհատն իսկ. այս իսկ պատճառով եկեղեցիի պաշտօնական հովիւին քովն ի վեր որպէս անոր օժանդակ կը կենան ոչ-կրօնական ծառայողներ եւ եկեղեցիին սպասարկողներ։ Հայ Աւետարանական Եկեղեցին հաստատուած է ռամկապետական դրութեան մը վրայ. կազմակերպուած է այդ ձեւով եւ այդպէս ալ կը կառավարուի «մարդկային տեսանկիւնէ դիտուած անոր ուժն ու ազդեցութիւնը կը կայանան անոր ժողովուրդին նուիրումին, ղեկավարումին եւ գործօնութեան մէջ»։ Այսօր անուրանալի է Հայ Աետարանական Շարժումին ձգած աւանդը հայութեան: Անիկա վերակենդանացուց հոգեկան եւ բարոյական արժէքները. հաստատեց եկեղեցական ու կրօնական առաքելութիւնը ժողովուրդին, հիմը դրաւ ուսումնական եւ դաստիարակչական նախանձելի դրութեան մը, աշխարհաբարի թարգմանելով` ժողովրդականացուց Աստուածաշունչը, պատճառ հանդիսացաւ աշխարհաբարի զարգացումին, հարստացուց արդի հայ գրականութիւնը իր հրատարակած մամուլով եւ գիրքերով, շեշտը դրաւ քրիստոնէական կրթութեան եւ դաստիարակութեան վրայ, ինչպէս նաեւ անձնական պատասխանատուութեան եւ խիղճի անկապտելի ազատութեան, Մայր Եկեղեցիին համար օրինակ ծառայեց կիրակնօրեայ դպրոցներու հաստատումին, հիմը դրաւ հայ քրիստոնէական միսիոնական շարժումի մը, հայութեան տուաւ խել մը ընկերային, քաղաքական, գիտական, գրական, բարեսիրական եւ մարդկայնական արտայայտութեան առաջնորդներ, ղեկավարներ եւ կազմակերպիչներ, եւ ի վերայ այսր ամենայնի՝ քրիստոնէավարի կեանքի մը ոճը: Արդարեւ Հայ Աւետարանական Եկեղեցիին ուժը աւելի քան գերակշռեց իր տկարութիւնները։ Անիկա իրագործեց հայ ժողովուրդի ծոցէն ներս արդէն իսկ սնուցուող ակնկալութիւնները։ Ժամանակի պահանջներու պարտադրանքին հետեւանքն էր անիկա։ Բազմաթիւ տասնամեակներ բազում ձեւերով Հայ Աետարանական Շարժումը ծառայեց հայ ժողովուրդին, հոգաց անոր կարիքները, բուժեց անոր վէրքերը, եւ ամոքեց անոր վիշտերը։ Շարժումը ծառայութեան սահմանագիծ մը չդրաւ, ոչ ալ խտրութիւն` դաւանանքներու միջեւ, ընդհակառակը` հաւասարապէս ծառայեց բոլոր անոնց որոնք կը կրէին հայ անունը։
Description
Keywords
Citation
Tootikian, V., H., "The Faith and Practice of the Armenian Evangelical Church", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, pp. 79-103
DOI
Collections