Armenian Nationalism and the Evangelical Movement

Loading...
Thumbnail Image
Date
1996
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հակառակ ոմանց այն կարծիքին եւ համոզումին թէ Հայ Աւետարանական Շարժումը հետեւանքն էր մէկ կողմէ օտար միսիոնարներու ճիգերուն եւ միւս կողմէ Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքութեան ձեռք առած խստութիւններուն հակաեկեղեցական շարժումներու դէմ, եւ թէ անիկա իր գոյառումի առաջին իսկ օրէն կը միտէր պառակտել հնադարեան Մայր Եկեղեցին` փաստերը ցոյց կու տան սակայն, որ անիկա ծնունդն էր բարենորոգչական ընդհանուր այն հոսանքին եւ անոր ընկերացող ազգային ու ազգայնական գիտակցութեան, ազատութեան եւ իրաւունքի հասկացողութեան, որոնք իրենցմէ ներս առին ո՛չ միայն Օսմանեան Կայսրութեան հայ համայնքը այլեւ ամբողջ կայսրութիւնը։ Այս կացութիւնն օգտագործուեցաւ արեւմտեան միսիոնարութեան կողմէ, ի՞նչ փոյթ որ ամերիկեան միսիոնարութեան զանազան ներկայացուցիչներ յաճախակիօրէն հաստատած ըլլային իրենց տեղեկագիրերով թէ իրենք Արեւելք էին հասեր պարզօրէն հոն բերելու համար Աւետարանին լոյսը եւ չէին միտեր միջամուխ ըլլալ արեւելեան եկեղեցիներու ներքին կարգ ու սարքին, հաւատամքին են գործունէութեան: Փաստերը սակայն, եւ նոյնիսկ կարգ մը տեղեկագիրերն անոնց՝ այդ միսիոնարներուն, ցոյց կու տան, թէ անոնցմէ ոմանք, եւ բազմաթիւ էին անոնք, վարեցին պառակտիչ գործունէութիւն, քաջալերեցին Աւետարանական Շարժումի առաջին հետեւորդները հակադրուելու Մայր եկեղեցիին եւ հաստատելու անջատ համայնք մը եւ եկեղեցի մը իրենց գիտցած եւ հասկցած ձեւով։ Իսկ այդ գիտցուածն ու հասկցուածը ուղղակի կը հակադրուէր Հայ Առաքելական Մայր Եկեղեցիի կառոյցին, որ այսպիսով կը ստանար հիմնական առաջին հարուածը, եւ որ, սակայն, պիտի չխախտէր հաւատամքային եւ կառուցային իր դրոյթէն: Դար մը եւ գուցէ աւելի Հայ Աւետարանականութիւնը մնաց դուրս հայ ազգային բոլոր շարժումներէն, այդուհանդերձ վերջին տասնամեակները եկան ցոյց տալու թէ աւետարանական հայն ալ հայ էր ազգութեամբ եւ յաճախ կը գտնուէր առաջին շարքին վրան ազգային շարժումներուն, եւ թէ կարելի չէր ուրանալ անոր հայութիւնը եւ դուրս դնել զայն ազգային իր պատկանելիութենէն։ Այժմ բան մը փոխուած էր անտարակոյս, եւ այս՝ Անթիլիասի Յովսէփեանց Կաթողիկոսէն ասդին: Իրաւ էր որ կա՛ր անհամատեղելի բան մը Հայ Եկեղեցիին եւ Հայ Ազգին միջեւ, եւ անոր հետեւանքն էր եղած այն բանը որ պատահեր էր երէկ։ Արդարեւ՝ երբ սկսան փչել ազատականութեան եւ իրաւունքի հովերն ամէնուրեք, Հայ Եկեղեցիի ծոցէն ներս սկսած խլրտումներուն դէմ ամրակուռ մնաց Հայ Ազգային Եկեղեցին եւ ոչ մէկ բան կարողացաւ շարժել դարերու ընթացքին ամրացած պահպանողականութիւնը եւ առիթ մը ստեղծել եկեղեցիին համար` վերադառնալու սկզբնական իր աւետարանականութեան, բերելու վերանորոգումի շունչ մը հայութեան եւ նոր օրերու նոր պայմաններով վերակերտում մը հայ ազգային կառոյցի։ Այսօր՝ Էջմիածինի Գարեգին Ա. եւ Անթիլիասի Արամ Ա. կաթողիկոսները որոնք բացսիրտ, բացմիտք եւ համախոհութեան ու համակեցութեան հետեւող եւ բարձրագոյն ուսումնառութեամբ զարգացած եկեղեցական առաջնորդներ են՝ ամէն յոյս կը ներշնչեն, որ զարգանայ եւ խորանայ Մայր Եկեղեցիի, Հայ Աւետարանականութեան եւ Հայ Կաթողիկէ համայմքի միջեւ սկսուած ազգային համագործակցութիւնը, որովհետեւ այժմ բոլոր կողմերն ալ գիտակից են, որ շատ աւելի պատճառներ եւ տուեալներ կան ազգային միասնութեան քան բաժանուածութեան։ Ի վերջոյ՝ պէտք չէ մտահան ընել, որ հայկական կեանքի ներկան, Ազատ ու Անկախ Հայաստանի մէջ թէ սփիւռքի ամբողջ տարածքին, բաց կը պահէ հրապարակը եւ անհրաժեշտ կ'ընծայէ համագործակցութիւնը, համախոհութիւնը եւ իրարհասկացողութիւնը ազգը կազմող հայ տարրերուն միջեւ։ Իսկ այս տարրե՞րը։ Բայց հայ են անոնք այսօր, ինչպէս որ էին երէկ ալ։ Արդարեւ՝ երբ 1 Յուլիս 1846ին Պոլսոյ մէջ Ամերիկացի միսիոնար Տուայթի բնակարանը հաւաքած քառասուն հայորդիներու հարց տրուեցաւ հոն ներկայ եօթը այլ ամերիկացի եւ երկու սկովտիացի միսիոնարներու ներկայութեան թէ հաւատամքի ո՞ր մէկուն եւ համայնքային ո՞ր դրութեան կ'ուզէին հետեւիլ՝ անոնք պատասխանեցին միաբերան թէ իրենք հայ էին եւ Աւետարանի հետեւորդ, եւ իրենց եկեղեցին պիտի կոչուէր լոկ «Հայաստանեայց Աւետարանական Եկեղեցի» եւ ուրիշ ոչինչ։ Հայ Աւետարանականները միշտ ալ հաւատացին, թէ հայ էին իրենք եւ կը պատկանէին հայութեան եւ անբաժան մէկ մասնիկն էին ազգին։
Description
Keywords
Citation
Jinbashian, M., M., "Armenian Nationalism and the Evangelical Movement", "Haigazian Armenological Review", 1996, Beirut, pp. 117-129
DOI
Collections