Remembering and Forgetting: Cinema of the Armenian Diaspora

Loading...
Thumbnail Image
Date
2007
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը կը քննարկէ ինքնութեան եւ ցեղասպանութեան ժառանգումի հարցերուն հայոց պատասխանը՝ սենեմարուեստի միջոցով: Յօդուածին մէջ հեղինակը նախ կը ներկայացնէ ինքնութեան այն տագնապը, զոր կ'ապրին շատերը Սփիւռքի մէջ: Քենըտի այդ ելակէտով կը բացատրէ թէ ինչպէս կը յառաջանայ սփիւռքացած ազգի մը հասկացութիւնը: Հաւաստելով որ ցեղասպանութիւնն ու անոր առնչուած ճնշումն ու ժխտումը կը ձեւաւորեն Սփիւռքի սինեմային մեծ մասը, հեղինակը ընդհանուր մատնանշումներու ծիրին մէջ, կը հաստատէ որ սփիւռքահայ սինեման կը գործէ պետութեան սահմաններէն ներս, եւ ակնդիրներ կ'ունենայ ուր որ հայ կայ (այլ խօսքով՝ պետութեան սահմաններէն ներս եւ դուրս): Հեղինակը կ'ընէ շրջանաբաժանում-պատմութիւնը սփիւռքահայ սինեմային՝ հայ ինքնութեան արտայայտումի հայեցակարգի ելակէտով: Այսպէս, 1915-1965 յիսնամեակը ան կը նկատէ թաքուցում-ժխտումի հանգրուան, 1965-1983 շրջանը՝ զարթնումի, ազգայնականութեան վերածլումի հանգրուան, իսկ 1983ը յաջորդող շրջանը՝ վերարծարծումի հանգրուան: Յօդուածի երկրորդ բաժնով, հեղինակը մանրամասնօրէն կը վերլուծէ թէ ինչպէս ժամանակակից սփիւռքահայ ֆիլմաբեմադրիչները մօտեցած են ջարդին՝ հայոց վրայ ունեցած հոգեբանական ներգործութեան: Հեղինակը կը ներկայացնէ նաեւ այն բեմադրիչներուն պրպտումները՝ ազգային ինքնութեան եւ յիշողութեան մէջ: Ան կ'անդրադառնայ նաեւ սփիւռքահայ սինեմային վարած դերին՝ հայութեան գոյատեւման գործին մէջ եւ տարբերակում մը կը դնէ մէկ կողմէն փաստագրական ու նկարագրողական ֆիլմերու եւ միւս կողմէն՝ գեղարուեստական բնոյթի ֆիլմերուն միջեւ: Եւ, եթէ, ըստ հեղինակին, առաջինները մեծ մասամբ ազգայնական են եւ կը ձգտին փոխանցել միատարր հայկական ինքնութեան մը հասկացութիւնը, ուր չենք գտներ «Ո՞ւր է իմ տունս» հարցումին բաւարարող պատասխանը, ապա գեղարուեստական ֆիլմերը հարցականի տակ կ'առնեն անփոփոխ հայ ինքնութեան հասկացութիւնը մեկնելով «Ո՞վ եմ ես» հարցումէն: Այս առումով, Քենըտի կը ներկայացնէ բեմադրիչներ Եկոյեանի, Պասթաճեանի ու Թորոսեանի տարբեր պատասխան-մօտեցումները այդ հարցումին:
Description
Keywords
Citation
Kennedy, T., "Remembering and Forgetting: Cinema of the Armenian Diaspora", "Haigazian Armenological Review", 2007, Beirut, pp. 199-232
DOI
Collections