Archbishop Vardan Hunanean's Two Unpublished Letters of 1687 to the Holy See on the Armenians in Transylvania
Loading...
Date
2012
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Թրանսիլվանիոյ հայոց եկեղեցական պատմութիւնը քիչ ուսումնասիրուած նիւթ է հայ եկեղեցական պատմագրութեան մէջ:
Թրանսիլվանիոյ հայերը փախած էին Մոլտաւիայէն ու Լեհաստանէն՝ 1668-1672ին, իրենց առաջնորդ Մինաս Եպս. Թոխաթեցիի առաջնորդութեամբ, քանի որ հակադրուեր էին իշխան Կէորկէ Տուքայի հարկային օրէնքներուն:
Գաղթական այս հայերը հաստատուեցան Թրանսիլվանիա, քանի որ քաջատեղեակ էին տեղի կրօնական հանդուրժողութենէն: Սակայն, Հռոմի Ուրպանեան Ուսումնարանի շրջանաւարտ Օքսենտիոս Վիրզիրեսքօն, որ միսիոնարական գործ կ կատարէր Թրանսիլվանիոյ ոչ-կաթոլիկ հայոց մէջ 1685էն ի վեր, եւ օգնականն էր Լեմպերկի դաւանափոխ առաջնորդ Նիկոլ Թորոսիչի, ջանաց համոզել Մինաս եպիսկոպոսը որ կաթոլիկ դաւանանք ընդունի: Թէեւ Վիրզիրեսքօ չյաջողեցաւ տարհամոզել զինք, բայց կրցաւ անոր ընկերակցութեամբ մեկնիլ Լեմպերկ՝ հանդիպելու Կարտինալ Օփիզիօ Փալլաւիչինիի, որ Լեմպերկի Հայոց Առաջնորդ Արքեպիսկոպոսն էր: Իսկ Թրանսիլվանիոյ հայերը ենթակայ էին Լեմպերկի առաջնորդարանին, որ Նիկոլ Թորոսիչ եպիսկոպոսի գլխաւորութեամբ ընդունած էր կաթոլիկ դաւանանքը, թէեւ Թրանսիլվանիոյ հայերը հակադրուած կը մնային կաթոլիկութեան: Հանդիպումէն ետք Մինաս եպիկոպոս Թրանսիլվանիա վերադարձի ճամբուն վրայ վախճանեցաւ:
Յօդուածին մէջ, Նատի կը ներկայացնէ երկու փաստաթուղթեր, որոնցմով կասկածի տակ կ'առնէ Վիրզիրեսքոյի հաւաստիքը, թէ Մինաս եպիսկոպոս Թոխաթեցի ընդունած է կաթոլիկ դաւանանքը: Նատի կը պատճառաբանէ, որ Վիրզիրեսքօ կը ճգնէր դաւանափոխ ընել Թրանսիլվանիոյ հայերը՝ իբրեւ միսիոնար: Եւ քանի որ Թոխաթեցի վախճանած էր առանց այդ մասին որեւէ խօսք ըսելու իր հօտին, ապա Նատի կ'առարկէ որ Վիրզիրեսքօ անճիշդ տեղեկութիւն տարածած է այդ մասին, որ մինչեւ այսօր իբրեւ ճշմարտութիւն ընդունած է պատմագրութեան մէջ: Նատի քննարկելով վերոյիշեալ փաստաթուղթերը կ'առարկէ որ անոնք չեն խօսիր Մինաս եպիսկոպոս Թոխաթեցիի դաւանափոխութեան մասին, հակառակ որ Հռոմ ուղղուած տեղեկագրեր էին անոնք: Ուստի, Նատի կը հետեւցնէ որ դաւանափոխութեան լուրը յերիւրանք մըն էր Վիրզիրեսքոյի կողմէ:
Description
Keywords
Citation
Nagy, K., "Archbishop Vardan Hunanean's Two Unpublished Letters of 1687 to the Holy See on the Armenians in Transylvania", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 309-320