Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?

Loading...
Thumbnail Image
Date
2012
Authors
Vladimir Osipov
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան վիճակին համապատկերը: Խորհրդային Միութեան փլուզումով, ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը յատկանշականօրէն տկարացուց դէպի ժողովրդավարութիւն անցումի գործընթացը: Աւելին. ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ խեղաթիւրումներու, դուռ բացաւ հայրիշխանական կարծրատիպ մտայնութեանց եւ կիրարկումներու վերայայտնումին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան հարցերու գիտական արծարծումը սկսաւ հայրիշխանական կենսաձեւերու առաւել խրամատաւորումին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ՝ ի տես տնտեսական, քաղաքական եւ հանրային մարզերուն մէջ սեռերու անհաւասարութեան աճումին: Այս ծիրին մէջ, հեղինակը կ'անդրադառնայ 1990ականներուն ՄԱԿի գումարած բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու եւ հանրաժողովներու, որոնցմով հանրային լայն ուշադրութեան արժանացան սեռերու հաւասարութեան շատ հարցեր: 1990ականներուն, Հայաստանի եւ յետ-խորհրդային երկիրներու համար էականօրէն կարեւոր էր պարզել աշխարհին, թէ իրենք կը հետեւին «եւրոպական» արժէքներու, որոնց կարգին՝ մարդկային իրաւանց յարգում, խտրականութեան վերացում եւ հաւասար պատեհութեանց միջոցներ: Այս սկզբունքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը նախապայման էր միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու անդամակցութեան: Հետեւաբար, զարմանալի չէր որ լուրջ բարեկարգումներ ընթացք ստացան եւ տեղական իրաւական համակարգերը ներդաշնակուեցան միջազգային օրէնքին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հազարամեակի դարձը յատկանշուեցաւ սեռերու հաւասարութեան հանդէպ հանրային ըմբռնումներու եւ կեցուածքներու նոր շրջանի մը սկիզբով: Հազարամեակի Զարգացման Նպատակները, Փեքինի Վերատեսութեան Գործընթացը, մարդկային իրաւանց միջազգային փաստաթուղթերու տեղեկագրումը եւ Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցութիւնը հանդիսացան փոփոխութեան գլխաւոր գործօնները: Բազմաթիւ միջոցառումներ եւ կարեւոր քայլեր պէտք էր առնուէին՝ յանձնառութիւնները յարգելու համար: Սակայն, ինչպէս հեղինակը կը մատնանշէ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու խորհրդարանը դեռեւս պէտք է իրենց լրիւ կշիռը ներդնեն որպէսզի վերոյիշեալ յանձնառութիւնները գործադրուին: Կանխահաս է յաւակնիլ թէ սեռերու հաւասարութիւնը թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է Հայաստանի կառավարութեան, մասնաւորաբար՝ խորհրդարանին: Թէեւ որոշակի քաղաքականութիւն մը որդեգրուած է, սակայն՝ կիրարկումը լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ: Այդ խնդիրները կարելի է ազդու կերպով լուծել միայն երբ հաստատուի սեռերու հաւասարութեան համապետական մեքանիզմ մը, որ պիտի ապահովէ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն շատ անհրաժեշտ ու տակաւին բացակայող համադրութիւնը: Իբրեւ եզրակացութիւն, Օսիփով կ'առանձնացնէ երեք մղիչ գործօններ, որոնք խթան կրնան հանդիսանալ կառավարութեան, խորհրդարանին եւ քաղաքական ու հասարակական քաղաքացիութեան գլխաւոր դերակատարներուն կողմէ յայտարարուած սեռային հաւասարութիւնը իրականութիւն դարձնելու յանձնառութեան: Այդ գործօններն են.- ա) քաղաքական կամք, բ) սեռերու ժողովրդավարական մշակոյթ, գ) ձեռնհաս քաղաքացիական համակարգ: Ասոնք, սակայն, պայմանաւորուած են ժողովրդավարացման եւ ազատականացման գործընթացներով: Հեղինակը կը հաւաստէ որ իրապաշտօրէն կարելի չէ ակնկալել որ սեռերու հաւասարութիւնը իրագործուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական սահմանափակումներուն մէջ:
Description
Keywords
Citation
Osipov, V., "Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 209-227
Collections