Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?
| dc.contributor.author | Vladimir Osipov | |
| dc.date.accessioned | 2026-01-21T12:28:47Z | |
| dc.date.available | 2026-01-21T12:28:47Z | |
| dc.date.issued | 2012 | |
| dc.description.abstract | Հեղինակը մանրամասնօրէն կը ներկայացնէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան վիճակին համապատկերը: Խորհրդային Միութեան փլուզումով, ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը յատկանշականօրէն տկարացուց դէպի ժողովրդավարութիւն անցումի գործընթացը: Աւելին. ձեռնհաս քաղաքացիական հասարակութեան մը բացակայութիւնը պատճառ դարձաւ խեղաթիւրումներու, դուռ բացաւ հայրիշխանական կարծրատիպ մտայնութեանց եւ կիրարկումներու վերայայտնումին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ սեռերու հաւասարութեան հարցերու գիտական արծարծումը սկսաւ հայրիշխանական կենսաձեւերու առաւել խրամատաւորումին լոյսին տակ, ինչպէս նաեւ՝ ի տես տնտեսական, քաղաքական եւ հանրային մարզերուն մէջ սեռերու անհաւասարութեան աճումին: Այս ծիրին մէջ, հեղինակը կ'անդրադառնայ 1990ականներուն ՄԱԿի գումարած բազմաթիւ միջազգային գիտաժողովներու եւ հանրաժողովներու, որոնցմով հանրային լայն ուշադրութեան արժանացան սեռերու հաւասարութեան շատ հարցեր: 1990ականներուն, Հայաստանի եւ յետ-խորհրդային երկիրներու համար էականօրէն կարեւոր էր պարզել աշխարհին, թէ իրենք կը հետեւին «եւրոպական» արժէքներու, որոնց կարգին՝ մարդկային իրաւանց յարգում, խտրականութեան վերացում եւ հաւասար պատեհութեանց միջոցներ: Այս սկզբունքներուն հանդէպ յանձնառութիւնը նախապայման էր միջազգային եւ շրջանային կազմակերպութիւններու անդամակցութեան: Հետեւաբար, զարմանալի չէր որ լուրջ բարեկարգումներ ընթացք ստացան եւ տեղական իրաւական համակարգերը ներդաշնակուեցան միջազգային օրէնքին: Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ հազարամեակի դարձը յատկանշուեցաւ սեռերու հաւասարութեան հանդէպ հանրային ըմբռնումներու եւ կեցուածքներու նոր շրջանի մը սկիզբով: Հազարամեակի Զարգացման Նպատակները, Փեքինի Վերատեսութեան Գործընթացը, մարդկային իրաւանց միջազգային փաստաթուղթերու տեղեկագրումը եւ Եւրոպայի Խորհուրդին անդամակցութիւնը հանդիսացան փոփոխութեան գլխաւոր գործօնները: Բազմաթիւ միջոցառումներ եւ կարեւոր քայլեր պէտք էր առնուէին՝ յանձնառութիւնները յարգելու համար: Սակայն, ինչպէս հեղինակը կը մատնանշէ, Հայաստանի Հանրապետութեան կառավարութիւնն ու խորհրդարանը դեռեւս պէտք է իրենց լրիւ կշիռը ներդնեն որպէսզի վերոյիշեալ յանձնառութիւնները գործադրուին: Կանխահաս է յաւակնիլ թէ սեռերու հաւասարութիւնը թիւ մէկ առաջնահերթութիւնն է Հայաստանի կառավարութեան, մասնաւորաբար՝ խորհրդարանին: Թէեւ որոշակի քաղաքականութիւն մը որդեգրուած է, սակայն՝ կիրարկումը լուրջ խնդիրներ կը դիմագրաւէ: Այդ խնդիրները կարելի է ազդու կերպով լուծել միայն երբ հաստատուի սեռերու հաւասարութեան համապետական մեքանիզմ մը, որ պիտի ապահովէ այս ուղղութեամբ տարուող աշխատանքներուն շատ անհրաժեշտ ու տակաւին բացակայող համադրութիւնը: Իբրեւ եզրակացութիւն, Օսիփով կ'առանձնացնէ երեք մղիչ գործօններ, որոնք խթան կրնան հանդիսանալ կառավարութեան, խորհրդարանին եւ քաղաքական ու հասարակական քաղաքացիութեան գլխաւոր դերակատարներուն կողմէ յայտարարուած սեռային հաւասարութիւնը իրականութիւն դարձնելու յանձնառութեան: Այդ գործօններն են.- ա) քաղաքական կամք, բ) սեռերու ժողովրդավարական մշակոյթ, գ) ձեռնհաս քաղաքացիական համակարգ: Ասոնք, սակայն, պայմանաւորուած են ժողովրդավարացման եւ ազատականացման գործընթացներով: Հեղինակը կը հաւաստէ որ իրապաշտօրէն կարելի չէ ակնկալել որ սեռերու հաւասարութիւնը իրագործուի Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ ներկայ քաղաքական եւ տնտեսական սահմանափակումներուն մէջ: | |
| dc.identifier.citation | Osipov, V., "Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?", "Haigazian Armenological Review", 2012, Beirut, pp. 209-227 | |
| dc.identifier.uri | https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/1081 | |
| dc.title | Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality? |
Files
Original bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- Vladimir Osipov, "Gender Equality in Armenia: A Perceived Need or Imposed Conditionality?".pdf
- Size:
- 221.49 KB
- Format:
- Adobe Portable Document Format
License bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- license.txt
- Size:
- 1.71 KB
- Format:
- Item-specific license agreed to upon submission
- Description: