Did Vardapet Minas Tokhatetsi, Bishop of the Armenians in Transylvania, Make a Confession of Faith in the Roman Catholic Church in 1686?
Loading...
Date
2011
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը Լեհաստանի, Հունգարիո եւ շրջակայքի քաղաքական-կրօնական պայքարներու պատմութեան ենթախորքին վրայ վերստին կը քննէ Թրանսիլվանիոյ հայոց դաւանափոխութեան խնդիրը՝ 1686ին:
Ըստ ընդունուած վարկածին, Թրանսիլվանիոյ հայոց առաջնորդ Մինաս Վարդապետ Թոխաթեցի, իր մահէն առաջ կը մեկնի Լեմպերկ-Լվով եւ բանակցութիւններ վարելով Կարտինալ Օփիզիօ Փալաւիչինիի եւ Լեմպերկի Կաթողիկէ Հայոց Առաջնորդ Վարդան Արք. Հունանեանի հետ կ'ընդունդի դաւանափոխ ըլլալ: Սակայն, Թրանսիլվանիա իր տունդարձին ճամբուն վրայ, ալեհեր եւ հիւանդ այս կրօնաւորը կը մահանայ:
Յօդուածին հեղինակը քննարկելէ ետք շրջանի հայոց պատմութեան սկզբնաղբիւրները, կը մատնանշէ որ մեծ մասամբ անոնք կրկնութիւններ են եւ կ'աւելցնէ որ անոնցմէ ոչ մէկուն մէջ յստակօրէն կը հաստատուի Մինաս Վարդապետի դաւանափոխութիւնը: Ընդհակառակը, նոյնիսկ իր մահուն մասին գրուած եւ Հռոմ յղուած տեղեկագրին մէջ կ'ըսուի թէ ան հերետիկոս մահացաւ: Այս եւ նման կողմնակի այլ փաստերէ եւ վկայութիւններէ մեկնելով, հեղինակը կը վիճարկէ Մինաս Վարդապետի դաւանափոխութիւնը եւ կ'ենթադրէ որ Մինաս վարդապետ Լեմպերկ մեկնած էր դաւանաբանական վիճաբանութեան քան թէ դաւանափոխութեան: Սակայն, իր մահը առիթ տուած է որ շրջուի իրականութիւնը:
Description
Keywords
Citation
Nagy, Kornél, "Did Vardapet Minas Tokhatetsi, Bishop of the Armenians in Transylvania, Make a Confession of Faith in the Roman Catholic Church in 1686?", "Haigazian Armenological Review", 2011, Beirut, pp.427-442