Arménité Refoulée: Les Premiers Écrits de Zabel Yessayan (1895-1900)
Loading...
Date
2013
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
1902ին Զապէլ Եսայեան Պոլիս վերադարձաւ իբրեւ հանրայայտ հեղինակութիւն մը՝ արեւմտահայ իրականութեան մէջ: Ան այս վարկը յաջողած էր կերտել Փարիզ մէջ իր ծաւալած գրական-հրապարակագրական գործունէութեամբ: Արդարեւ, 1895ին Եսայեան մեկնէր Փարիզ՝ բարձրագոյն ուսում ստանալու մտասեւեռումով:
Երիտասարդ հայուհիին ձգտումը չէր սահմանափակուեր սակայն միայն բարձրագոյն կրթութեամբ: Անոր տեսահորիզոնին մէջ կային հայ իրականութեան կրթական խնդիրները, հայ հասարակութեան ընկերային մշակոյթի բարելաւումի ազատականութեան գաղափարները...:
Յօդուածը լոյս կը սփռէ Զապէլ Եսայեանի փարիզեան տարիներու գործունէութեան վրայ: Ծաղիկի մէջ ինքնագիր բանաստեղծութիւններէ մինչեւ ֆրանսական մամուլին մէջ թարգմանական ստեղծագործութիւններ, ինքնուրոյն հրապարակագրական յօդուածներ, հայ մշակոյթի ներկայացում ֆրանսական գրականա-մշակութային շրջանակներուն, սերտ յարաբերութիւններ ֆրանսական նորահաս երիտասարդ մտաւորականութեան հետ, ազդեցութիւններ գրական նորարարական ուղղութիւններէ...:
Յօդուածը կ'անդրադառնայ նաեւ Եսայեանի ինքնութեան դրսեւորումներուն, հայ մշակոյթի իր նախընտրութիւններուն, եւ մտաւորական Զապէլ Եսայեանի կազմաւորման ու աճման հարցերուն:
Description
Keywords
Citation
Manoukian, J., "Arménité Refoulée: Les Premiers Écrits de Zabel Yessayan (1895-1900)", "Haigazian Armenological Review", 2013, Beirut, pp. 182-215