Writing about the Armenian Genocide

dc.contributor.authorChristopher J. Walker
dc.date.accessioned2025-09-26T11:58:56Z
dc.date.available2025-09-26T11:58:56Z
dc.date.issued1995
dc.description.abstractԱնկասկած դժուար կատարելի գործ մըն է գրել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին, նախ` որովհետեւ շա՛տ է ընդարձակ նիւթը, եւ բազմաթիւ են դերակատարները ջարդերուն։ Ապա՝ կան անհամար ականատեսներ եւ յուշագրողներ։ Իրականութեան մէջ բարդ էին ժամանակները եւ բիրտ՝ գործադրութիւնը ցեղասպանութեան։ Աւելին՝ դժուար ընկալելի եւ լուծելի խնդիր է ցեղասպանութեան հարցը, որովհետեւ հայկական ջարդերուն առընչուած հայերուն համար այժմ գրեթէ անկարելի է չըլլալ զգացական եւ չկորսնցնել պաղարիւն դատումը եւ գնահատումը դէպքերուն։ Թէպէտեւ սկզբնական շրջանին ընդհանուր ճանաչում գտած իրականութիւն մըն է Հայկական ցեղասպանութիւնը` սակայն ժամանակը կու գայ զայն հրելու ետ եւ անոր փոխան յաղթականներուն եւ մնացեալ բոլոր ժողովուրդներու սեղաններուն վրան դնելու քաղաքական, տնտեսական, զինուորական եւ կայսերապաշտական զանազան նկատումները, եւ այդ ձեւով հրապարակ քաշելու որոշ թիւ մը թրքասէրներու, եւ դժուարին կացութեան մատնելու ընդունումն ու ճանաչումը Հայկական Տասնհինգին: Ա՛յս իսկ պատճառով այժմ անհրաժեշտ է փաստել եւ փաստարկել անհերքելիութիւնը եւ վաւերականութիւնը Հայկական Ցեղասպանութեան: Առ այդ քննութեան սեղանին բերելու է փաստաթուղթերուն հետ յուշագրութիւններ, բանաւոր վկայութիւն, ժամանակակիցներու թղթակցութիւններ, պետական արխիւային նիւթեր, եւ այն բոլոր մնացեալները որոնց առկայութիւնը օժանդակութիւն մըն է քննարկումին եւ վճիռին համար Հայկական Տասնհինգին։ Սակայն հոս ալ անհրաժեշտ է ըլլալ զգոյշ եւ գիտնալ թէ ինչո՞ւ է գոյութեան կոչուած տուեալ գործ մը, տուեալ փաստաթուղթ մը։ Այսպէս՝ պէտք է գիտնալ թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս հրապարակ իջան Թոյնպի/Պրայսի փաստաթուղթերու հատորը, եւ Լեփսիուսի հաւաքածոն գերման փաստաթուղթերու, որոնց բովանդակութիւնը կը մնայ անհերքելի: Ապա՝ անհրաժեշտ է մատչիլ թուրք զինուորականներու յուշագրութիւններուն, որոնցմէ Քիազիմ Գարապեքիրինը, Մահմուտ Քեմալինը, եւ Վեհիպ փաշայինը նոյնքան կարեւոր են յուշերը Ֆալիհ Րըֆքըի եւ Մեվլանզատէի: Յետոյ՝ պէտք է դիմել տակաւին յուշագրութիւններուն գերման եւ աւստրիացի զինուորականներուն, որոնց տէրութիւնները դաշնակիցներն էին Օսմանեան Կայսրութեան, եւ անոնց հետ նաեւ Փոմիանքովսքիինը։ Պէտք չէ դեռ մտահան ընել յուշերը զանազան քաղաքագէտներուն, որոնք մօտ են կամ հեռու են առնչուած կը մնան Համաշխարհային Առաջին Պատերազմին եւ անոր հետ` Հայկական Ցեղասպանութեան: Այսուհանդերձ մեծ զգուշութեամբ մատչելու է օսմանեան պետական արխիւային նիւթերուն, որովհետեւ Հայկական Տասնհինգի գործադրութեան մէջ կայ երկակիութիւն մը փաստաթուղթերու, որոնցմէ լո՛կ մէկ տեսակն է որ զետեղուած կը մնայ արխիւներէն ներս, մինչ միւսը, որ ուղղակի կը հրահանգէր ջարդն ու սպանդը փճացուած է արդէն. իսկ եթէ անհրաժեշտ է օգտագործել առկայ փաստաթուղթերը անհրաժեշտ է զանոնք կարդալ տողընդմէջ, ուր միշտ թաքնուած կը մնան որոշ ճշմարտութիւններ: Նոյնքան կարեւոր են արխիւային նիւթերն ամերիկեան, անգլիական, ֆրանսական, գերմանական, աւստրիական եւ չէզոք այլ պետութիւններուն, եւ կրօնական զանազան առաքելութիւններուն: Այս վերջինները տակաւին կը մնան չպեղուած, եւ առ այդ՝ կոյս եւ չօգտագործուած: Անհրաժեշտ է ձեռք զարնել կարգ մը դեսպաններու եւ հիւպատոսներու յուշագրութիւններուն, սակայն զգոյշ կերպով վարուելու է ամերիկեան դեսպան Մորկընթոյի յուշագրութեան հետ եւ նախ գտնել թէ ինչո՞ւ եւ ի՞նչպէս գրուեցան անոնք եւ տրուեցան լոյսին: Զգոյշ ըլլալու է նաեւ Ծովակալ Մարք Պրիսթոյի հեռագիրներու օգտագործումին մէջ, եւ մի՛շտ ալ նկատի առնելու է անոնց ժամանակագրութիւնը (զոր կամաւոր կերպով կը մոռնայ թրքական պատմագրութիւնը) պարզօրէն անոր համար, որ Պրիսթոլ Պոլիս հասաւ միայն 1919-ի Օգոստոսին, եւ առ այդ Հայկական Տասնհինգի մասին իր իշխանութիւններուն յղած հեռագիրները անմիջական կերպով չեն առընչուիր անոր՝ այլ յետագային կազմուած անձնական կարծիքներու հայելին են եւ ո՛չ թէ ճշմարիտ իրականութեան: Այսպէս չէ սակայն պարագան Լուիս էյնսթայնի Ներքին Պոլիսը հատորին եւ «Հայկական ջարդերը» յօդուածին (1917), որոնք կու տան յստակ մէկ պատկերը թուրք պետական, ընկերային, տնտեսական եւ զինուորական մթնոլորտին, որուն մէջ տեղի ունեցաւ Հայկական Ցեղասպանութիւնը։ Աւելի եւս յստակ ընծայելու համար այս մթնոլորտը՝ այժմ անհրաժեշտ է դիմել այն բոլոր թղթակցութիւններուն, որոնք կը համընկնին ցեղասպանութեան շրջանին: Սակայն լրիւ կերպով ընկալելի ընծայելու համար թուրք ազգայնական, թրքական, համաթրքական եւ համաթուրանական այն հոսանքները, որոնք մեծ դեր խաղացին ստեղծելու համար հոգեկան եւ հոգեբանական եւ զգացական այս մթնոլորտը՝ տակաւին անհրաժեշտ է անպայման սեղանի վրան ունենալ Չիա Կեօքալփին, Թեքին Ալփին եւ Եուսուֆ Աքչուրաօղլուին: Նոյնքան կարեւոր է ուսումնասիրութիւնը անոնց կենսագրութեան եւ անհատական կեանքին: Ի վերայ այսր ամենայնի՝ պէտք չէ մոռնալ Մասնաւոր Կազմակերպութիւնը զոր գոյութեան կոչեցին Երիտասարդ-թուրք Կուսակցութիւնը եւ անոր կազմած պետութիւնը, եւ որուն առաքելութիւնն էր աւարառումը, պղծումը եւ սպանդը հայ ժողովուրդին: Այս բոլորէն ետք, սակայն, երբ կը փորձուի գրել Հայկական Ցեղասպանութեան մասին՝ ուշադիր պէտք է ըլլալ ճշգրտութիւնը անուններուն, տեղանուններուն եւ թուականներուն: Այս բոլորին մէջ հետամուտ ըլլալու է ժամանակագրութեան եւ տրուող թուականներու թրքական-արեւելեան եւ Եւրոպական-արեւմտեան տարբերակումին, եւ անուններու կրած փոփոխութիւններուն՝ մանաւանդ քեմալական շրջանէն ետք: Իրականութիւններ են այս բոլորը, զորոնք թրքական իշխանութիւններուն հետ պատմագրութիւնն ալ գիտակցօրէն կ'անտեսէ՝ յայտարարելու համար, որ Հայկական Ցեղասպանութիւնը, ոչ՝ տեղափոխումը, կատարուեցաւ պարզօրէն հայերու յեղափոխութիւն ստեղծելու համար յառաջացուցած ըմբոստութիւններէն, մինչ, իրականութեան մէջ, կար ո՛չ հայկական յեղափոխութիւն եւ ոչ ալ որեւէ ըմբոստութիւն. նոյնիսկ Վանինը ինքնապաշտպանութիւն մըն էր անոպայ իշխանութեան մը եւ անոր բանակայիններուն դէմ։
dc.identifier.citationWalker, C., J., "Writing about the Armenian Genocide", "Haigazian Armenological Review", 1995, Beirut, pp. 483-496
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/746
dc.titleWriting about the Armenian Genocide
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Christopher J. Walker, Writing about the Armenian Genocide.pdf
Size:
19.96 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections