The Disasters of Mardin During the Persecutions of the Christians, Especially the Armenians, 1915
Loading...
Date
1998
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Լորտ Պրայսի արխիւէն յայտնաբերուած ստորեւ հրատարակուող փաստաթուղթը կը կրէ 7 Ապրիլ 1919 թուականը: Տեղեկագիրը՝ «Մարտինի տառապանքները՝ քրիստոնեաներու, մանաւանդ հայերու հալածանքներուն ատեն, 1915ին» վերնագրով, ականատեսի վկայութիւնն է Քաղդէական կղերականի մը, որ զայն հասցէագրած է ոմն հայր Նայիմի, հոգածութեանը տակ Լորտ Պրայսի:
Վաւերաթուղթին ուժը կը բխի 1915-17 շրջանին հեղինակին Մարտին գտնուելէն: Անոր առաւել ուժ կու տայ տուեալներուն համեմատելիութիւնը անկախ այլ աղբիւրներու հետ: Հեղինակը քրիստոնեաներու անճիումին ականատեսն է. ան նաեւ տեղեկացուած է այլ դէպքերու մասին՝ այլ ականատեսներէ: Ան կը նշէ վայրերը ուր ջարդեր տեղի ունեցան. անուններ՝ ջարդարարներու եւ կը մատնանշէ առանձին անձերու ճակատագիրը:
Մարտինի շրջանի հայկական ջարդերուն գլխաւոր ծրագրաւորողը Ռեշիտ Պէյն էր եւ իր շրջապատը:
3 Յունիս 1915ին Իգնատիոս Արք. Մալոյեանի ձերբակալութիւնը սկիզբը հանդիսացաւ հայոց, քաղդէականներու եւ այլ քրիստոնեաներու տեղահանութեան: 4 Յունիս 1915ին տեղի ունեցաւ ականաւոր հայերու եւ այլ քրիստոնեայ առաջնորդներու ձերբակալութիւնը:
Այնուհետեւ, վաւերաթուղթը կը խօսի տեղահանութեանց ու ջարդերու կարաւաններուն մասին, կը նշէ անոնց դիմագրաւած անօթութեան, հիւանդութեանց, յարձակում-կողոպուտներուն եւ սպանութիւններուն մանրամասնութիւններ: Վաւերաթուղթը կը նշէ նաեւ կարգ մը քիւրտ եւ արաբ ցեղախումբերու մօտ ապաստանած հայերու մասին, որոնք փրկուեցան թուրք եաթաղանէն: Քաղդէական կրօնականը կը խօսի նաեւ գաղթականութեան ուղիներուն մասին, որ թիւերով կը հաստատէ շրջանին մէջ կատարուած ջարդերուն ահագնութիւնը, տարողութիւնը ու ծիրը:
Description
Keywords
Citation
Sarafian, A., “The Disasters of Mardin During the Persecutions of the Christians, Especially the Armenians, 1915”, ”Haigazian Armenological Review”, 1998, Beirut, pp. 261-292