Armenians in Victoria, Australia in the Nineteenth Century

Loading...
Thumbnail Image
Date
2008
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Քիչ տուեալներ կան Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգը հասած առաջին հայերուն մասին: Հայր Արամայիս Միրզայեան 1966ին եւ Աշոտ Աբրահամեան 1967ին առաջինը գրած են անոնց մասին: Սակայն այդ երկու ուսումնասիրութիւններն ալ թերի են թէ՛ տուեալներու եւ թէ՛ եզրակացութիւններու առումով: Նատիա Րայթ կը հաւաստէ, որ Վիքթորիոյ հայերը ի տարբերութիւն Միրզայեանի եւ Արբահամեանի հաստատումին, նուազ կազմակերպուած էին, եւ անոնց կապուածութիւնը իրարու՝ այնպիսին չէր որ իրենց մօտ յառաջացնէր համայնքի մը առկայութեան գիտակցութիւնը: Յօդուածին առաջին մասով, Րայթ կը կատարէ քննական վերլուծութիւնը այս երկու ուսումնասիրութիւններուն բովանդակութեան: Իսկ յօդուածին երկրորդ մասով հեղինակուհին քննական ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ ԺԹ. դարուն Վիքթորիա հասած եւ տոմարական արձանագրութիւն ունեցող բոլոր հայերուն, մէկ առ մէկ անդրադառնալով անոնց, մանրամասնելով իւրաքանչիւրին կեցութեան ու կենցաղային այլեւայլ պայմաններն ու պարագաները, իսկ առկայութեան պարագային՝ նաեւ անոնց յետնորդներուն տուեալները: Րայթ կը յայտնաբերէ հետքերը նաեւ նոր, հայագիտութեան ցարդ անծանօթ հայերու որոնք հասած են վերոյիշեալ նահանգը: Իր այս ուսումնասիրութեան համար հեղինակուհին օգտագործած է Վիքթորիա նահանգի արդէն իսկ համակարգչային թուագրմամբ հանրութեան եւ ուսումնասիրողներու տրամադրութեան տակ դրուած հանրային հսկայ նիւթը՝ ամուսնական, մահացութեան, նաւահանգստային մուտք ու ելքի, թէ այլ տոմարներու տուեալները: Հեղինակուհին զանոնք կը համալրէ շրջանի այլ կղզիներու տուեալներով՝ յարաբերաբար ամբողջական պատկեր մը տալով այդ շրջանին ժամանած իւրաքանչիւր հայու եւ անոր յետնորդներուն մասին: Րայթի պրպտումներուն իբրեւ արդիւնք ի յայտ կու գայ որ 1853ին առնուազն 17 հայեր կ'ապրէին Վիքթորիա նահանգին մէջ: Դժբախտաբար, սակայն, բոլոր հայերուն մասին չէ որ հեղինակուհին կը յաջողի տուեալներ փոխանցել՝ նիւթերու բացակայութեան պատճառով:
Description
Keywords
Citation
Wright, N., "Armenians in Victoria, Australia in the Nineteenth Century", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 61-88
DOI
Collections