Armenians in Victoria, Australia in the Nineteenth Century

dc.contributor.authorNadia Wright
dc.date.accessioned2025-11-21T14:59:13Z
dc.date.available2025-11-21T14:59:13Z
dc.date.issued2008
dc.description.abstractՔիչ տուեալներ կան Աւստրալիոյ Վիքթորիա նահանգը հասած առաջին հայերուն մասին: Հայր Արամայիս Միրզայեան 1966ին եւ Աշոտ Աբրահամեան 1967ին առաջինը գրած են անոնց մասին: Սակայն այդ երկու ուսումնասիրութիւններն ալ թերի են թէ՛ տուեալներու եւ թէ՛ եզրակացութիւններու առումով: Նատիա Րայթ կը հաւաստէ, որ Վիքթորիոյ հայերը ի տարբերութիւն Միրզայեանի եւ Արբահամեանի հաստատումին, նուազ կազմակերպուած էին, եւ անոնց կապուածութիւնը իրարու՝ այնպիսին չէր որ իրենց մօտ յառաջացնէր համայնքի մը առկայութեան գիտակցութիւնը: Յօդուածին առաջին մասով, Րայթ կը կատարէ քննական վերլուծութիւնը այս երկու ուսումնասիրութիւններուն բովանդակութեան: Իսկ յօդուածին երկրորդ մասով հեղինակուհին քննական ուսումնասիրութիւնը կը կատարէ ԺԹ. դարուն Վիքթորիա հասած եւ տոմարական արձանագրութիւն ունեցող բոլոր հայերուն, մէկ առ մէկ անդրադառնալով անոնց, մանրամասնելով իւրաքանչիւրին կեցութեան ու կենցաղային այլեւայլ պայմաններն ու պարագաները, իսկ առկայութեան պարագային՝ նաեւ անոնց յետնորդներուն տուեալները: Րայթ կը յայտնաբերէ հետքերը նաեւ նոր, հայագիտութեան ցարդ անծանօթ հայերու որոնք հասած են վերոյիշեալ նահանգը: Իր այս ուսումնասիրութեան համար հեղինակուհին օգտագործած է Վիքթորիա նահանգի արդէն իսկ համակարգչային թուագրմամբ հանրութեան եւ ուսումնասիրողներու տրամադրութեան տակ դրուած հանրային հսկայ նիւթը՝ ամուսնական, մահացութեան, նաւահանգստային մուտք ու ելքի, թէ այլ տոմարներու տուեալները: Հեղինակուհին զանոնք կը համալրէ շրջանի այլ կղզիներու տուեալներով՝ յարաբերաբար ամբողջական պատկեր մը տալով այդ շրջանին ժամանած իւրաքանչիւր հայու եւ անոր յետնորդներուն մասին: Րայթի պրպտումներուն իբրեւ արդիւնք ի յայտ կու գայ որ 1853ին առնուազն 17 հայեր կ'ապրէին Վիքթորիա նահանգին մէջ: Դժբախտաբար, սակայն, բոլոր հայերուն մասին չէ որ հեղինակուհին կը յաջողի տուեալներ փոխանցել՝ նիւթերու բացակայութեան պատճառով:
dc.identifier.citationWright, N., "Armenians in Victoria, Australia in the Nineteenth Century", "Haigazian Armenological Review", 2008, Beirut, pp. 61-88
dc.identifier.urihttps://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/971
dc.titleArmenians in Victoria, Australia in the Nineteenth Century
Files
Original bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
Nadia Wright, "Armenians in Victoria, Australia in the Nineteenth Century".pdf
Size:
2.82 MB
Format:
Adobe Portable Document Format
License bundle
Now showing 1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
Name:
license.txt
Size:
1.71 KB
Format:
Item-specific license agreed to upon submission
Description:
Collections