Armenian Evangelical Liturgy and Symbolism
Loading...
Date
2003
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Յօդուածը ընդհանուր համադրում մը կը կատարէ Հայ աւետարանական ծիսակարգի եւ խորհրդանշականութեան զարգացման՝ Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ հիմնումէն մինչեւ մեր օրերը:
Հեղինակը կը նշէ, թէ 1843ին՝ պոլսահայ իրականութեան մէջ գործող ամերիկացի Ժողովական Եկեղեցիի միսիոնարներու մերժողական կեցուածքը՝ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ ծիսակարգի ու խորհրդանշականութեան նկատմամբ, մեծապէս ազդած է Հայ Աւետարանական Եկեղեցւոյ խորհրդանշականութեան եւ ծիսակարգին։
Ան դրական կը գնահատէ վերջին շրջանին Հայ Աւետ. Եկեղեցիին կրած փոփոխութիւնները` ծիսակարգի եւ խորհրդանիշերու առաւել լայն օգտագործման առումով, վիճարկելով թէ Հայ Աւետ. Եկեղեցին պէտք է հիմնուի հայ առաքելական ծիսակարգի եւ խորհրդանիշերու աւանդի վրայ` ընդունելով դրականը եւ կերտելով չէզոքէն։ Հեղինակը մերժողականութենէ դէպի հաւասարակշիռ որդեգրման բնական ընթացք կը նկատէ Պէյրութի Նոր Մարաշի եւ Հոլիվուտի հայ աւետարանակ եկեղեցիներուն հայ ճարտարապետութեան աւանդներով կառուցումը, Հայ Աւետ. եկեղեցիներու Հայկական անուանումները, շարականներու աւելի նպատակամղուած որդեգրումը եւ այլ փաստեր:
Description
Keywords
Citation
Haleblian, K., “Armenian Evangelical Liturgy and Symbolism”, “Haigazian Armenological Review”, 2003, Beirut, pp. 311-324