The Armenian Genocide in Historical Perspective: A Sociological Analysis
dc.contributor.author | Berch Berberoğlu | |
dc.date.accessioned | 2025-08-14T10:52:06Z | |
dc.date.available | 2025-08-14T10:52:06Z | |
dc.date.issued | 1995 | |
dc.description.abstract | Այլ ժողովուրդներու դէմ ի գործ դրուած ցեղասպանութիւնը խորագոյն եւ ամենէն քայքայիչ մէկ ձեւն է այն բրտութեան, որ կը գործադրուի լրիւ կամ մասնակի կերպով՝ քանդելու համար անոնց գոյութիւնը, երբ անոնք կը կը ներկայացնեն ցեղային ժողովրդային, կրօնական կամ տնտեսական անհատականութիւն: Այսպիսի գործունէութեան մը պարագային է որ կը յառաջանայ յորձքը հարցումներուն, որոնք կու գան միաձուլուելու լո՛կ մէկ հատին մէջ.— ինչո՞ւ այս ցեղասպանութիւնը մի միայն հայերու գոյութեան դէմ։ Պերճ Պերպերօղլուն կը փորձէ պատասխանել մէկ հատիկ այս հարցումին՝ քննութեան ենթարկելով ընկերային, տնտեսական, կրօնական եւ մշակութային դրութիւնը Օսմանեան Կայսրութեան, որուն վրան յետագային կու գայ աւելնալու խնդիրը Օսմանեան Կայսրութեան արեւմուտքի մէջ կրած հողային կորուստներուն, որուն որպէս հակադարձութիւն՝ քաղաքական, տնտեսական, հողային, ժողովրդային եւ այլազան ուրիշ պատճառներէ խթանուած թելադրանքը արեւելքի մէջ հիմնելի Թուրանական Կայսրութեան մը։ Այս մէկն արդէն ցեղապաշտական ծրագիրն է Երիտասարդ-թրքութեան՝ ըլլալէ ետք ծրագիրը համիտեան քաղաքականութեան, որ կը միտէր օսմանի աշխարհէն ներս ստեղծել ցեղայնօրէն եւ կրօնական կերպով զուտ թրքական կայսրութիւն մը։ Այս ծրագիրին իրագործումին հրայրքը կը սրի աւելի փոքրամասնութիւններուն եւ մանաւանդ հայութեան ունեցած տնտեսական գերիշխող ուժին եւ անկէ յառաջացած պետական, առեւտրական, ճարտարարուեստական եւ մշակութային պատճառներով ալ, որ գուցէ նոյնքան առկայ է նաեւ յոյնին համար եւ հրեային: Սակայն երբ հրեան կը յաջողի կծկուիլ իր մորթէն ներս եւ յոյնը իր դէմքը կը դարձնէ իր անկախ պետականութեան՝ անհրաժեշտ պարագային մեկնելու համար իր հայրենիքը՝ հայը կը մնայ ան– պաշտպան ու արեւմուտքի մեծ պետութիւնները չեն որ պիտի գան պաշտպան կանգնելու անոր, իրականութիւն մը որ շուտով կ'ընկալուի թուրքին կողմէ, որ հիմա արեւմուտքի իր կորուստներուն վրէժը լուծելու կը ձեռնարկէ դառնալով արեւելք։ Սակայն հայն է որ կ'արգելակէ իր յառաջընթացը, ուստի անիկա կ'որոշէ մաքրել հրապարակը եւ բանալ ուղին դէպի Թուրան՝ Կեդրոնական Ասիա։ Արդիւնքը բնաջնջումն է արեւմտահայութեան՝ կորուստովը թուրքիաբնակ երկու միլիոնէ աւելի հայութեան մէկ ու կէս միլիոնին։ Այս մէկը ցեղապաշտութիւն է արդէն, եւ քսաներորդ դարու պետականօրէն կազմակերպուած առաջին ցեղասպանութիւնը, որուն միջոցով է որ թուրքը կը փորձէ փրկել զինուորականօրէն թէ տնտեսական կերպով անկումէ անկում մեկնող իր կայսրութիւնը։ Մնացեալը խօսք է միայն, եւ կայ ո՛չ մէկ պատճառաբանութիւն յայտարարելու այսօր, թէ մէկ ու կէս միլիոն հայերու կորուստը արդիւնքն էր պատերազմական կորուստներուն, եւ ոչ ալ կարելի է պնդել, թէ անիկա հետեւանքն էր պատերազմական թշնամանքի: Իրականութեան մէջ՝ պատերազմին իրականութիւնը ծածք մըն էր սքօղելու համար իրականութիւնն ու ճշմարտութիւնը։ | |
dc.identifier.citation | Berberoğlu, B., "The Armenian Genocide in Historical Perspective: A Sociological Analysis", Haigazian Armenological Review, 1995, Beirut, pp. 109-120 | |
dc.identifier.uri | https://haigrepository.haigazian.edu.lb/handle/123456789/734 | |
dc.title | The Armenian Genocide in Historical Perspective: A Sociological Analysis |
Files
Original bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- Berch Berberoğlu, The Armenian Genocide, In Historical Perspective, A Sociological Analysis.pdf
- Size:
- 13.43 MB
- Format:
- Adobe Portable Document Format
License bundle
1 - 1 of 1
No Thumbnail Available
- Name:
- license.txt
- Size:
- 1.71 KB
- Format:
- Item-specific license agreed to upon submission
- Description: