Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidencies of Charles Helou (1964-1970) and Suleiman Frangieh (1970-1976)
Loading...
Date
2006
Authors
Journal Title
Journal ISSN
Volume Title
Publisher
Abstract
Հեղինակը՝ հիմնուելով ժամանակակից լիբանանահայ, առաւել՝ Լիբանանի մէջ լոյս տեսնող մի քանի արաբատառ ու ֆրանսատառ լրագիրներու նիւթերուն, լիբանանահայ քաղաքական գործիչներու յատուկ ասուլիսներու ընթացքին հաղորդած բանաւոր վկայութիւններու, ինչպէս անձնական նամակագրութեամբ կուտակած տեղեկութիւններու վրայ, հանգամանօրէն կը ներկայացնէ լիբանանահայ քաղաքական տարբեր խմբաւորումներու կեցուածքը 1968ին եւ 1972ին կայացած երկրի խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին հայ Առաքելական ու հայ Կաթողիկէ համայնքներուն յատկացուած երեսփոխանական աթոռին շուրջ ծաւալած պայքարին: Այս կապակցութեամբ, կը քննուին նաեւ Լիբանանի միւս համայնքները ներկայացնող թեկնածուներու հետ հայ քաղաքական հակամարտ հոսանքներուն հաստատած ընտրական դաշինքները, այդ երկու ընտրութեանց ընթացքին պետական մարմիններու թոյլտուութեամբ տեղի ունեցած անօրինութիւններուն վերաբերեալ ծաւալած բանավէճերը:
Ի տարբերութիւն նախորդ երեսփոխանական ընտրութիւններուն, որոշակի փոփոխութիւններ ի յայտ կու գան լիբանանահայ կուսակցութիւններու փոխյարաբերութեանց մէջ, որոնց իբրեւ արդիւնք լիբանանահայ երեսփոխաններու շարքին կ'երեւին ոչ-դաշնակցական շրջանակին մօտիկ կանգնած անձնաւորութիւններ պատճառ դառնալով ոչ-դաշնակցական շրջանակի երկատման:
Այդուհանդերձ, հայ քաղաքական կուսակցութիւնները միասնաբար կը նշեն Հայոց Ցեղասպանութեան 60ամեակը Պէյրութի մէջ, 1975ին:
Յօդուածը շարունակութիւնն է Հայկազեան Հայագիտական Հանդէսի ԻԱ., ԻԲ., ԻԳ., ԻԴ. հատորներուն մէջ, նոյն հեղինակէն լոյս տեսած ուսումնասիրութեան:
Description
Keywords
Citation
Messerlian, Z., "Armenian Participation in the Lebanese Legislative Elections during the Presidencies of Charles Helou (1964-1970) and Suleiman Frangieh (1970-1976)". "Haigazian Armenological Review", 2006, Beirut, pp. 195-250